Գերմանիոյ Տրեստըն քաղաքի խաղաղութեան եւ յեղափոխութեան յիշատակման օրուան առիթով, Կիրակի, 8 Հոկտեմբերին, Սուրիոյ Հայ աւետարանական համայնքի համայնքապետ վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան հրաւիրուած էր մատուցելու իր պատգամը տեղւոյն Ս. Խաչ Լուտերական աւետարանական պատմական եկեղեցւոյ մէջ, խաղաղութեան նուիրուած միջազգային հաւաքին ընթացքին:
Արարողութեան ընթացքին, յանուն Սուրիոյ ժողովուրդին, վերապատուելի համայնքապետը տեղւոյն եկեղեցական եւ քաղաքական իշխանութիւններուն Հալէպէն բերուած ափ մը հող յանձնեց:
Մատուցուած հողը կը խորհրդանշէր Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած ահաւոր քանդումը, որ դժբախտ կացութեան մէջ դրաւ Սուրիոյ բնակչութիւնը: Հողը կը խորհրդանշէր նաեւ Հալէպի բնակչութեան անդրդուելի կամքը՝ վերաշինելու քանդուածը:
Պաշտամունքէն ետք, համայնքապետ վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան Սուրիոյ պատերազմական պայմաններուն մէջ իր տարած նուիրեալ աշխատանքին համար պարգեւատրուեցաւ խաղաղութեան մրցանակի միջազգային յանձնախումբին կողմէ եւ Գերմանիոյ Տրեստըն քաղաքի քաղաքապետի Տեթլեֆ Սիթըլի ձեռամբ ,Swords into Plowshare խաղաղութեան մրցանակով:
Սոյն մրցանակը վեր. Յարութիւն Սելիմեանին շնորհուեցաւ իր անխոնջ, նուիրեալ ու անձնուրաց ծառայութեան, խաղաղութեան միջոցներու որոնման եւ գործունէութեան համար, որ, իբրեւ նշանակալից ծառայութիւն, բարձրօրէն գնահատուեցաւ Գերմանիոյ իշխանութիւններուն կողմէ:
Վերապատուելին ըսաւ. ,Սոյն մրցանակը կը ստանամ խոնարհաբար, յանուն Սուրիոյ բնակչութեան եւ անգամ մը եւս կը յայտարարեմ, որ հայ համայնքը գոյութիւն ունէր նախապատերազմեան, պատերազմական եւ յետ պատերազմեան շրջաններուն՝ իբրեւ խաղաղարար եւ ստեղծագործ ժողովուրդ: Ան անկասկած պիտի ունենայ իր դրական ներկայութիւնը խաղաղութեան ամբողջական գործընթացին եւ Սուրիոյ վերաշինութեան ծրագիրներուն մէջ: Հետեւաբար սոյն յուշանուէրը արդարօրէն պիտի նկատեմ իբրեւ խորհրդանիշ սուրիաբնակ սուրիացիներուն հաստատակամ կեցուածքինե: