ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- 12էն 15 Հոկտեմբերին, Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցաւ Արժոյթի միջազգային հիմնադրամի (ԱՄՀ) եւ Համաշխարհային դրամատան խումբի տարեկան ժողովը, որուն մասնակցեցան Հայաստանի Հանրապետութեան փոխվարչապետ, միջազգային տնտեսական համարկման եւ բարեփոխումներու նախարար Վաչէ Գաբրիէլեան, ֆինանսներու նախարար Վարդան Արամեան եւ Կեդրոնական դրամատան նախագահ Արթուր Ջաւադեան:
Համաշխարհային դրամատան եւ ԱՄՀի տարեկան ժողովի ծիրին մէջ տեղի ունեցան տնտեսական կարեւորութիւն ներկայացնող շարք մը հանդիպումներ, մասնաւորապէս՝ Համաշխարհային դրամատան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ հարցերով նախագահի տեղակալ Սիրիլ Միւլլերի եւ տարածաշրջանի տնօրէն Ֆրանք Հիմսքերքի, ԱՄՀ գործադիր տնօրէն Էնթընի տը Լանոյի, ԱՄՀ տարածաշրջանի հարցերով տնօրէն Ճիհատ Ազուրի հետ:
13 Հոկտեմբերին Վաչէ Գաբրիէլեան հանդիպեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպայի ու Եւրասիոյ հարցերով նախարարի տեղակալ Պրիճիթ Պրինքի հետ:
16 Հոկտեմբերին փոխվարչապետ Վաչէ Գաբրիէլեան աշխատանքային այցով եկաւ Քալիֆորնիա, ուր պիտի հանդիպէր նահանգապետ Ճերի Պրաունի հետ: