ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- Արցախի մէջ մեծ շուքով նշուող գիւղատնտեսութեան աշխատողի օրուան կամ բերքի տօնին ընդառաջ, Հայ Օգնութեան Միութեան Արցախի մասնաճիւղը նախաձեռնած է հերթական այցելութիւնը Արցախի զօրամասերէն մէկը:
«Եկած ենք Արցախի այգիներու բերքն ու բարիքը, մեր ձեռքով պատրաստուած քաղցրեղէնը հասցնելու մեր պաշտպաններուն, նաեւ մեր մայրական սէրն ու ջերմութիւնը փոխանցելու անոնց, որովհետեւ մեր ամէն մէկ խաղաղ վայրկեանին համար պարտական ենք անոնց», զինուորներու հետ հանդիպման ընթացքին նշեց ՀՕՄի Արցախի գրասենեակի տնօրէն Սվեթլանա Յարութիւնեան:
ՀՕՄի «Այցելութիւն դիրքապահ զինուորուն» ծրագիրին աջակցած է Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Դաշնակութիւն» խմբակցութիւնը:
«Ուրախ եմ, որ իւրօրինակ բերքի տօն կազմակերպեցինք զինուորներուն համար: Կը կարծեմ, որ ասիկա պէտք է շարունակական ըլլայ: Զինուորական ծառայութիւնը զինուորներու կեանքի այն շրջանն է, երբ անոնք պիտի լաւ սնուին եւ անհրաժեշտ է, որ զինուորներու ամէնօրեայ ճաշացանկին վրայ միրգեր ընդգրկուին», ըսաւ Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւոր, ՀՕՄի անդամ Ռիտա Մնացականեան:
«Նման այցելութիւններ առաւել կը գօտեպնդեն, ուժ կու տան զինուորներուն, որովհետեւ անոնք կը զգան, որ մինակ չեն, որ այստեղ ոչ միայն զինուորականներու հաւաքատեղի է, այլ նաեւ ազգի», ըսաւ զօրամասի հրամանատարի անձնակազմին հետ տարուող աշխատանքներուն գծով տեղակալ, փոխգնդապետ Արա Քամալեան:
Վերջերս զօրակոչուած Գագիկ Եկմալեան վստահեցուց, որ ամէն գնով պիտի պահեն հողը, ինչ որ ալ ընէ թշնամին։ «Զինորին համար այլ իրականութիւն է, երբ կը գիտակցիս, որ մինակ չես, որ քու կողքին կանգնած է ամբողջ ազգը: Ինչպէս Նժդեհը կ՛ըսէ. «Երբ ազգը բանակ կը դառնայ, անոր յաղթելը անհնարին է», մենք հիմա այդ ճանապարհի վրայ ենք», յայտնեց զինուրը:
Անցնելով դիրք առ դիրք, ծանօթանալով զինուորներոու առօրեայ պայմաններուն, ՀՕՄուհիները ականատես եղան, թէ զինուորները ինչպիսի հոգածութեամբ ու պատասխանատուութեամբ կը վերաբերին իրենց վստահուած հողակտորին եւ վստահեցուցին, որ թշնամիին դէմ-յանդիման կանգնած զինուորը միշտ կը գտնուի հայ մայրերու, կանանց ու քոյրերու ուշադրութեան կեդրոնին: