ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Սեպտեմբեր ամսուան տեղեկատուէն կ՛իմանանք, որ կազմակերպութեան Կեդրոնական մարմինը անցեալ տարուան ընթացքին ստացած է 21,615,000 տոլարի հասնող նուիրատուութիւններ՝ իր զանազան ծրագիրներուն համար:
Այս գումարին մէջ ներառնուած չեն ուղղակի տեղական մասնաճիւղերուն կատարուած նուիրատուութիւնները:
Նուիրատուներու անուանացանկը եւ համապատասխան գումարները հրապարակուած են Սեպտեմբերի տեղեկատուին մէջ, որմէ կ՛իմանանք, որ ամէնէն մեծ նուիրատուն Վաչէ եւ Թամար Մանուկեաններն են՝ 7,195,000 տոլարով:
Յաջորդ մեծագոյն նուիրատուն Քալիֆորնիայէն է: 2,075,000 տոլար նուիրողը անունը չէ ուզած յայտնել:
Կը ներկայացնենք նուիրատուներու յաջորդ տասնեակի անունները.
Տէր եւ տիկին Գառնիկ Եագուպեան (Զուիցերիա), 1,280,000 տոլար, Ճորճ Անտրու Գրիգորեանի (Միշիկըն) կտակէն՝ 1,194,735 տոլար, Վահէ Կարապետեան (Լոս Անճելըս)՝ 1,080,000 տոլար, տիկին Լուիզ Սիմոն (Նիւ Եորք)՝ 700,000 տոլար, տէր եւ տիկին Հէրի Թուֆայեան (Նիւ Ճըրզի)՝ 610,000 տոլար, Շնորհք Կրեկըրի Գասպարեանի (Իլինոյ) կտակէն՝ 573,868 տոլար, տէր եւ տիկին Պերճ Սեդրակեան (Նիւ Ճըրզի)՝ 450,000 տոլար, Ճօան Փայտըն (Քալիֆորնիա)՝ 400,000 տոլար, տէր եւ տիկին Սարգիս Պետեւեան (Նիւ Ճըրզի)՝ 351,200 տոլար, Կրէյս Փարեկեանի (Քալիֆորնիա) կտակէն՝ 338,966 տոլար: