ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը հայկական իրականութեան մէջ այն իւրայատուկ կազմակերպութիւնն է, որ առանց հրապարակային հանգանակային արշաւներու՝ կը յաջողի տարեկան մեծ նուիրատուութիւններ ստանալ եւ մեր ազգային չափանիշներով (որոնք մեր կարիքներու լոյսին տակ բաւակա՛ն տխուր են, դժբախտաբա՛ր) մրցանշային մակարդակ նուաճել:
Ողջունելով այս իրագործումը, առիթը կ՛ուզենք օգտագործել դիմելու ՀԲԸՄին եւ ընդհանրապէս մեր ազգային բոլո՛ր կառոյցներուն՝ առաջարկելով, որ նուիրատուութեանց հրապարակման կողքին (շատեր կը զլանան այդ ալ ընել), նաեւ հանրութեան ներկայացնեն ստացուած գումարներուն ճակատագիրը, զանոնք ծախսելու սկզբունքները, առաջնահերթութիւնները: Կը հասկնանք, որ այս կազմակերպութիւնները իրենց անդամական ընդհանուր ժողովներուն կը ներկայացնեն իրենց հաշուետուութիւնը, այսուհանդերձ, խի՛ստ ցանկալի է, որ թափանցիկութիւնը մատչելի ըլլայ բոլորիս:
Հաշուետուութեան հրապարակայնութիւնը ամէնէ՛ն ուժեղ պաշտպանութիւնը կ՛ապահովէ անտեղի քննադատութեանց դէմ՝ միայն տեղ ձգելով շինիչ թելադրանքներու եւ առաջարկներու, յատկապէ՛ս առաջնահերթութեանց պարագային:
Օրինակի համար, նոյնիսկ Բարեգործական շրջանակին մէջ կը շրջի մտահոգութիւն մը, թէ կազմակերպութիւնը իր նիւթական յատկացումներու ծիրին մէջ չէ կրցած գտնել ցանկալի ճի՛շդ, հիմնաւորուած ու անխոցելի համեմատութիւնը՝ մէկ կողմէ Հայաստանի ու Արցախի, իսկ միւս կողմէ Սփիւռքի ծրագիրներուն կապակցութեամբ: Կայ տպաւորութիւն մը, թէ ՀԲԸՄ սկսած է անտեսելու Սփիւռքը, անոր կրթական, մշակութային ու հայապահպանման խնդիրները:
Ճի՞շդ են այս մտահոգութիւնները, թէ պարզապէս անտեղեակ ըլլալու արդիւնք են: Թափանցիկ հաշուետուութիւնը կրնայ պատասխանել այս հարցումին եւ աւելի՛ կանաչ ճանապարհ բանալ աւելի՛ մեծ ու շատ նուիրատուութեանց:
Ճիշդ չեն, անտեղեակ ըլլալու արդիւնք են: