ԱՐԱՔՍԻԱ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ
Այսօր, տեղեկութիւններ փնտռելու համար համացանցի օգնութեան կը դիմենք: «Ուիքիփետիա»ն տարբեր լեզուներով գործող հանրագիտարան է, նորարարութեան ձեւ մը՝ լեզուի զարգացման եւ հարստացման մէջ: Վերջին երկու տարիներուն, հայերէնով նիւթերու մեծ աճ կը նկատուի:
Հետաքրքրութիւնը ունէինք հասկնալու, թէ որո՛նք, ինչպէ՛ս, ի՛նչ գործիքներով կը ստեղծեն բազմաթիւ հայերէն յօդուածներ:
Այս Ամառ, 10էն 17 Յուլիս, հնարաւորութիւնը ունեցանք Հայ Կապոյտ Խաչի Զաւարեան վարժարանի տնօրէնուհի Հայկանուշ Մինասեանի հետ ճամբորդելու Աղուերան (Կոտայքի մարզ, Հայաստան), եւ մասնակցելու «Վիքիմեդիա Հայաստան» գիտակրթական հասարակական կազմակերպութեան եւ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի աջակցութեամբ կազմակերպուած «Ուիքի դասընթացք-հաւաք»ին, Սփիւռքի կրթական հաստատութիւններու, մամուլի աշխատակիցներու եւ հետաքրքրուած անհատներու համար: Առաջնահերթ նպատակներն էին աջակցիլ համացանցի վրայ հայերէնի բովանդակութեան եւ Հայաստանի մասին օտար լեզուներով յօդուածներու զարգացման եւ յատկապէս ստեղծել ու զարգացնել արեւմտահայերէն «Ուիքիփետիան»:
Մէկ շաբթուան ընթացքին, եւ օրական 10-12 ժամ խանդավառ աշխատանքով (կրնայ պատահիլ եւ աւելի), մասնակիցներս ծանօթացանք «Ուիքիփետիա»ի գաղափարախօսութեան, խմբագրութեան գործիքներուն եւ եղանակներուն: Ծրագիրը համագործակցութեան, համախոհութեան եւ հանդուրժողութեան ոգի ստեղծեց: Դադարներուն, տպաւորիչ էին մեր ծանօթութիւնները՝ Աղուերանի հիասքանչ բնութեան, Չորուտի կիսաւեր վանքին, Բջնի քաղաքի բերդին ու հինաւուրց եկեղեցիին. առտուան եւ գիշերուան մեր արագաքայլ պտոյտները դրացի անտառներուն մէջ, գիշերային զրոյցները, փիլիսոփայական քննարկումները, երգն ու պարը եւ, վերջապէս, անմոռանալի հայկական հիւրասիրութիւնը…
Դասընթացքին մասնակցութիւն բերին 4 երկիրներէ 8 անհատներ, գլխաւորութեամբ՝ «Վիքիմեդիա Հայաստան» գիտակրթական հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Սուսաննա Մկրտչեանի եւ Ազնիւ Ստեփանեանի:
Դասընթացքին հետեւողներն էին՝ Շաքէ Մանկասարեան՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն (Տուպայ), Թալին Նայիր՝ Թուրքիայէն (Պոլիս), Հայկանուշ Մինասեան՝ Յունաստանէն (Աթէնք), Արաքսի Միքայէլեան՝ Յունաստանէն (Աթէնք) եւ Մարէն Պապեան, Անի Թոփալեան, Մատլէն Աւագեան ու Զեփիւռ Էքմէքճեան՝ Սուրիայէն (Հալէպ)։
Ուրախալի էր մեր այցելութիւնը եւ մօտէն ծանօթացումը երկու մեծ կրթական համալիրներու՝ «Այբ» նորարարական դպրոցի եւ ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտական կեդրոնի տնօրէններուն եւ աշխատակիցներուն հետ: Անմոռանալի զգացում է, երբ կը գիտակցինք, թէ մենք ալ, Զաւարեան դպրոցին մէջ «Այբ»ի նման մանկավարժական մեթոտ եւ համագործակցութիւն ունինք, թէեւ դպրոցներու նիւթական պարագաներն ու տարածքը շատ տարբեր են: Առաջատար իրենց տեսակով եւ արտաքինով՝ բայց միջուկը նոյնն է:
Հրաժեշտի երեկոն ալ, իր ջերմ եւ յուզական մթնոլորտով՝ դեռ երկար պիտի յիշենք…