Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւ «Գէորգ Մելիտինեցի» գրական մրցանակի 90րդ հրատարակութիւնը՝ «Գարեգին Ա. Յովսէփեան Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ. Փաստաթուղթերու Եւ Նիւթերու Ժողովածու. Բ. Հատոր» խորագիրով: Գործի խմբագիրն է պատմական գիտութիւններու թեկնածու Գոհար Աւագեան:
Հատորը կը պարունակէ երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Յովսէփեանց կաթողիկոսի արխիւները, որոնք կը գտնուին Մեծի Տանն Կիլկիիոյ կաթողիկոսութեան արխիւատան մէջ: Հատորին մէջ նաեւ ներառնուած են երջանկայիշատակ կաթողիկոսին նամակցութիւնը հոգեւորականներու, գիտնականներու, մտաւորականներու, արուեստագէտներու, հասարակական գործիչներու, բարերարներու եւ կազմակերպութիւններու հետ: Փաստաթուղթերը կը վերաբերին հայ ժողովուրդին եւ հայոց պատմութեան, յատկապէս 19րդ դարու վերջին եւ 20րդ դարու առաջին կիսուն, առանցքային հարցերու, ինչպէս նաեւ առիթ կ՛ընծայեն Գարեգին Ա. կաթողիկոսին գործունէութիւնը կարդալու տուեալ նիւթերուն բերած տարբեր երեսակներու ներքոյ, գործին տալով գիտական արժէք:
Հատորը կը սկսի Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին վկայութեամբ: Կաթողիկոսը կը յայտնէ, որ երջանկայիշատակ կաթողիկոսը կը պատկանի պատմութեան յաւերժութեան. ան, իր ողջ կեանքը նուիրելով հայ մշակոյթին ու հայրենիքին եւ հաւատքին ու դպրութեան հոգեմտաւոր ծառայութեան, դարձած է եզակի դէմք մը իր բազմազան շնորհքներով եւ արժանիքերով: Հայրապետը կը նշէ, որ «կիլիկեան հայրապետական Ս. Աթոռի գահին վրայ Գարեգին Յովսէփեան դարձաւ աստուածարեալ հովուատեպ ու մարգարէատեսիլ հայրապետ, Շնորհալիներու աթոռին վրայ՝ նոր Շնորհալի»:
Հատորը կը բաղկանայ 851 էջերէ եւ 5 բաժիններէ՝ «Փաստաթուղթեր», «Կոնդակներ եւ օրհնութեան գիրեր», «Անձնանուններու ցանկ», «Տեղանուններու ցանկ» եւ «Փաստաթուղթերու ցանկ»: