ՄԱՆՈՒԷԼ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Վերամուտը այս տարի դիմաւորեցինք իբրեւ վերականգնման խորհրդանիշ:
Վերամուտը դիմաւոերցինք լաւատեսութեամբ՝ յուսալով, թէ ամէն ինչ դէպի աւելի լաւը պիտի ընթանայ:
Վերամուտը ընդունեցինք ընդգծուած լաւատեսութամբ՝ ցոյց տալու համայն աշխարհի մեր հայրենակիցներուն, թէ ամէն գէշ իրավիճակ դարձած է անցեալ, թէ հալէպի հայ գաղութը կը շնչէ կենսունակօրէն, թէ մեր սիրտն ու հոգին չեն թարախոտած, թէ մեր միտքը նոյնքան պայծառ է, որքան էր առաջ:
Մեր լաւատեսութիւնը ունի իր հաստատուն հիմքերը, որոնցմէ ամէնէն կարեւորը տագնապի տարիներուն մեր ոտքի վրայ մնալն էր՝ վիրաւոր, գաղթական, թափառական, երբեմն իյնալով եւ ամէն անգամ դարձեալ ոտքի կանգնելով դիմանալը: Անշո՛ւշտ, մեզի ոտքի վրայ պահելուն մեծապէս օգնեց հայու դուրսէն մեկնած օգնութեան ձեռքը:
Տագնապի այս տարիներուն մեր դպրոցներուն բացարձակ մեծամասնութիւնը իր դռները բաց պահեց, երբեմն տեղացող ռումբերու պատճառաւ ստիպուած ըլլալով ամբողջ շաբաթներ ընդհատել դասաւանդութիւնը: Բազմաթիւ դպրոցներ փոխադրուեցան համեմատաբար աւելի ապահով վայրեր. Ազգային նախակրթական չորս դպրոցները դարձան Միացեալ վարժարան եւ ապաստանեցան Սուլէյմանիէ թաղի Կիւլպէնկեան վարժարանի շէնքին մէջ, ուր փոխադրուեցաւ նաեւ Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանը, «Նոր Սերունդ» մշակութային միութեան կեդրոն փոխադրուեցաւ Կիլիկեան վարժարանը, որուն մանկապարտէզի քանի մը տասնեակ հաշուող փոքրիկներուն, Վիլլաններու իր կեդրոնին մէջ տեղ տուաւ Ազգային մշակութային միութիւնը: Մխիթարեան վարժարանը, քիչ մը կաղալով, կանգուն մնալ փորձեց եւ իր յիսնեակ մը աշակերտներով շարունակեց իր կրթական առաքելութիւնը: Հայ կաթողիկէ վարժարններէն Զուարթնոցը անառիկ մնաց Նոր Գիւղի մէջ, «Անառատ Յղութեան» մայրապետները, ամէն վտանգի եւ զրկանքի դիմանալով՝ շարունակեցին դասաւանդութիւնները Ազիզիէի իրենց վարժարանին մէջ, Թիլէլի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ վարժարանը փոխադրուեցաւ Սուլէյմանիէ-Ազիզիէ սահմանագիծին վրայ գտնուող Ս. Խաչ եկեղեցւոյ շրջափակը: Միակ անխափան գործող դպրոցը եղաւ ՀԲԸ Միութեան Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպէնկեան կեդրոնական վարժարանը, Ազիզիէի իր շէնքին մէջ:
Քարէն Եփփէի աշակերտներն ու Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի աշակերտները վերամուտը դիմաւորեցին իրենց վերանորոգ վարժարաններու շէնքերուն մէջ. առաջինը տօնախմբութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդին ներկայութեամբ եւ սկաուտական ֆանֆարի նուագակցութեամբ, օրհնութեան խօսքերով եւ ոգեւորիչ ճառերով: Ընդհանրապէս այս տարուան հալէպահայ դպրոցներու վերամուտը իր տօնական մթնոլորտով քիչ թէ շատ կը յիշեցնէր Հայաստանեան դպրոցներու ուրախ վերամուտը:
Մեր աշակերտները 2017-2018 տարեշրջանը դիմաւորեցին Քեսապի հայկական կեդրոններուն մէջ կազդուրուած. ամբողջ ամրան ընթացքին հայկական Քեսապը վխտաց հալէպահայ ուսանողներով, սկաուտներով, երիտասարդներով, ներկայ էին նաեւ լաթաքիահայեր եւ դամասկոսահայեր:
Քեսապագնացութիւնը կարեւոր դեր խաղցաւ հալէպահայերը լաւատես դարձնելուն մէջ՝ հին օրերու վերադարձի ակնկալութեամբ կամ, կամ… կը նախընտրեմ սխալած ըլլալ՝ հին օրերու պատրանքով:
«Հին օրերու պատրանքով» արտայայտութիւնս իր հիմքերը ունի: Այսօր սուրիահայութեան սիրտը՝ Հալէպը հազիւ 8000 կը հաշուէ, մեր դպրոցական աշակերտներուն թիւը քառորդի իջած է, Հայ կաթողիկէ վարժարաններուն հայ կամ հայախօս (նկատի ունենալով որ բազմաթիւ հայ կաթոլիկեր արաբախօս են) աշակերտներուն թիւը շատ աւելի նուազ է քան արաբներունը, Հայ աւետարանական Բեթէլ վարժարանին մէջ կան մեծ թիւով ոչ հայեր, նոյնը Կիլիկեան վարժարանին մասին կարելի է ըսել, որուն աշակերտներուն թիւը 60ի շուրջ կը դեգերի: Բազմաթիւ օտար աշակերտներ կան նաեւ մեր մեծագոյն վարժարաններէն Կրթասիրաց-Չէմպէրճեան վարժարանին մէջ: Քիչ թիւով արաբներ կան նաեւ Բարեգործականի դպրոցին մէջ. հոս օտար աշակերտները կամ վարժարանի պաշտօնեաներու զաւակներ են, կամ պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներու զաւակներ, զորս մերժելը գրեթէ անկարելի է: Հոս պէտք է շեշտել կարեւոր հանգամանք մը. 25-30 հոգինոց դասարանի մը մէջ նոյնիսկ 2-3 օտար աշակերտի ներկայութիւնը դասարանի լեզուն կը դարձնէ արաբերէնը, որովհետեւ բոլորը կը սկսին արաբերէն խօսելու, որպէսզի իրենց արաբ դասընկերները հասկնան խօսուածը: Այլ անյարիր վիճակ մը եւս կը ստեղծուի դպրոցին մէջ. արաբ աշակերտները հայերէնի դասապահերուն դասարանէն դուրս կ՛ելլեն, դպրոցին մէջ անընդհատ զբօսանք ըլալու տպաւորութիւն ստեղծելով, իսկ եթէ անոնցմէ մի քանին հայերէն սորվին, յաճախ անյարմար վիճակի մէջ կը դնեն հայերէնի ուսուցիչը, որ ինքզինք կաշկանդուած կը զգայ այս կամ այն ազգային նիւթին շուրջ անդրադառնալու պարագային: Տակաւին կայ կրօնի դասը, որ հայերէնով կը դասաւանդուի. պէտք է ճար մը գտնել ոչ հայերուն համար: Կայ նաեւ այլ տհաճ պարագայ մը, երբեմն այս կամ այն պատճառաւ անելի առջեւ յայտնուող օտար աշակերտը կը դիմէ ստոր միջոցի՝ պատասխանատուները մեղադրելով խտրականութեամբ վարուելու մէջ:
Հայ կաթողիկէները թերեւս ստիպուած են իրենց համայնքի օտարախօս (օտարացա՞ծ) զաւակները դպրոց ընդունիլ, Կրթասիրացի մտահոգութիւնը հաւանաբար նիւթապէս ինքնաբաւ ըլլալն է, նկատի առնելով որ հայ աշակերտները տակաւին ի վիճակի չեն վճարելու, իսկ օտարներէն միայն վճարունակները կ՛ընդունուին: Չեմ կրնար բացատրել Հայ աւետարանականներու եւ Կիլիկեանի պարագան, թերեւս առաջինը համայնքը պահելու, երկրորդը կուսակցութիւնը պահելու մարմաջէն կը մղուին:
Վերականգնումի ծիծեռնակներու նշմարումով՝ հայկական դպրոցները որոշած են արձանագրութեան սակ՝ ըստ դասարաններու 5-10 հազար սուրիականի (10-20 ամերիկեան տոլար) մէջ տարուբերող, այս գումարը պարտաւոր են վճարել բոլորը:
Իրականութեան մէջ այս գումարը բոլորն ալ՝ ոմանք դժուարութեամբ, կրնան վճարել: անցեալ օր երկու զաւակի հայր մը վճարեց մէկուն արձանագրութեան համար, խոստանալով միւսին համար վճարել յաջորդ ամիս, իսկ «օթոքար»ի համար քիչ մը աւելի ուշ, գիրքերուն փոխարժէքին համար ալ կարելի եղած արագութեամբ կարգադրութիւն մը ընելու խոստումով: Դպրոցի ինքնաշարժներով երթեւեկի համար ալ վճարումը պարտադիր է՝ 20-30 տոլար՝ ամբողջ տարին, որ շատ աւելի նուազ է քան քաղաքին մէջ գործող որեւէ այլ փոխադրական միջոցի ծախսը:
Կրթաթոշակները պիտի չկարենան ծածկել դպրոցներու տարեկան ծախսերուն կէսն իսկ. հակառակ ասոր՝ պատկան մարմինները պատրաստ են զեղչելու 60-70 տոկոս գրեթէ բոլորէն, անշուշտ կարգ մը աշակերտներէ բոլորովին չգանձելով:
Այստեղ, մենք՝ հալէպահայերս կը կանգնինք քննութեան մը առջեւ. բոլո՞րս ալ պիտի փորձենք մէկ ղրուշ իսկ չվճարել, թէ պիտի փորձենք ելլել մեր մուրացկանի վիճակէն եւ ամէն մէկս պիտի ջանայ գոնէ մաս մը վճարել, չէ՞ որ դպրոցը մեր դպրոցն է, չէ՞ որ մենք ալ մեր արժանապատուութիւնը ունինք, չէ՞ որ դուրսի մեր հայրենակիցները իրաւունք ունին հարցնելու.
– Վճարունակ հայ չէ՞ մնացած գաղութիւն մէջ:
Չաճապարենք եզրակացութիւններ ընելու, բոլորին հետ ուրախանանք վերականգնումի խորհրդանիշ վերամուտով:
Հալէպ, 17 Սեպտեմբեր 2017