ՊՈԼԻՍ.- «Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներ մերժած է ամերիկեան «Էֆ.16» ռազմական օդանաւերու մարզիչներ ուղարկել Թուրքիա: Անգարա զանոնք խնդրած էր թրքական օդուժին մէջ օդաչուներու թիւի բացը գոցելու համար, նկատի ունենալով, որ անցեալ տարուան ռազմական ձախող յեղաշրջումէն ետք մեծ թիւով օդաչուներ պաշտօնազրկուած են:
Թրքական օդուժի օդանաւերուն մեծամասնութիւնը «Էֆ.16» տեսակի է:
Ըստ «Հիւրրիյէթ»ի տեղեկութեանց՝ Փենթակոնը առաջարկած է թուրք օդաչուները Միացեալ Նահանգներու մէջ մարզել, սակայն Անգարա պնդած է, որ իր օդաչուները պէտք է մարզուին Թուրքիոյ մէջ, երկրի աշխարհագրական պայմաններուն տակ:
«Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ» կը գրէ, թէ Ուաշինկթընի դժկամութեան պատճառներէն մէկը այն է, որ ամերիկացի օդաչուներու մարզիչներուն մեծամասնութիւնը զբաղած է Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ: