ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Շուէտի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Քայա Թիւրքմէն կանչուած է Շուէտի արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր անոր բողոք փոխանցուած է՝ Թուրքիոյ կողմէ Շուէտի քաղաքացիներու ձերբակալութեան կապակցութեամբ։
Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Մարկօ Վալսթրոմ աւելցուցած է, թէ թուրք դեսպանին ըսուած է, որ անընդունելի՛ է գրող Համզա Եալչընի եւ իրաւապաշտպան Ալի Կարաւինի ձերբակալութիւնը՝ զգուշացնելով, որ վերոնշեալ մարդոց կալանաւորումը բացասական հետեւանք պիտի ունենայ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն եւ Թուրքիա-Շուէտ յարաբերութեանց մէջ։
Վալսթրոմ նաեւ յայտնած է, թէ «Ինթըրփոլ»ը երբե՛ք պէտք չէ շահագործուի քաղաքական նպատակներու համար:
Նշենք, որ ձերբակալութիւններէն մէկը տեղի ունեցած էր Սպանիոյ մէջ, «Ինթըրփոլ»ին կողմէ։