Հայաստան պիտի մասնակցի Վրաստանի մէջ նախանշուած «Agile Spirit 2017» բազմազգ զօրավարժութիւններուն: Անոնք պիտի իրականացուին Սեպտեմբեր 3էն 11 Ախալցխայի Օրֆոլօ հրաձգարանին մէջ եւ քսանապետ Շօթա Խուրցիձէի անուան զրահահրասայլային կեդրոնին մէջ: Այս մասին, ըստ «Արցախփրէս»ի, կը հաղորդէ «Կրուզիա Օնլայն»ը:
Ըստ Վրաստանի ՊՆի հաղորդած տեղեկութիւններուն՝ «Agile Spirit 2017» բազմազգ զօրավարժութիւնները կը կազմակերպեն Վրաստանի զինուած ուժերն ու Միացեալ Նահանգներու ծովային հետեւակայինները: Փորձերուն նպատակն է ՆԱԹՕի արձագանգման ուժերու կազմով համատեղ գործողութիւններուն կամ ճգնաժամերուն նախապատրաստումը, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու եւ գործընկեր երկիրներու հետ փոխգործակցութեան կատարելագործումը:
Զօրավարժութիւններուն պիտի մասնակցին նաեւ ՆԱԹՕի անդամ եւ գործընկեր պետութիւններու՝ Վրաստանի, Միացեալ Նահանգներու, Պուլկարիոյ, Լաթվիոյ, Ռումանիոյ եւ Ուքրանիոյ զինուորականներ: