ՊՈԼԻՍ.- Նոր ուսումնական տարին Պոլսոյ հայկական դպրոցներուն նոր անակնկալներու փոխարէն նոր տհաճութիւններ կը խոստանայ: Տեղի հայկական վարժարաններէն շատերը ուսումնական տարին պիտի սկսին առանց առաջին դասարանի աշակերտներու: Կարգ մը դպրոցներ ալ չեն կրցած հոգալ իրենց ֆինանսական հարցերը:
Ըստ «Սփութմիք»ի՝ Պոլսոյ հայկական «Ակօս» թերթի հայկական բաժինի խմբագիր Բագրատ Էսդուգեանի յայտնած է. որ հարցը ոչ թէ երեխաներու թիւի նուազումն է, այլ՝ անոնց թրքական դպրոցներ տանիլը: Այս սպառնալիքը գոյութիւն ունի եւ կը սկսի մանկապարտէզներէն: «Եթէ առաջ ծնողները կը նախընտրէին երեխան նախ հայկական վարժարան տալ, յետոյ միայն՝ օտար, որպէսզի հայերէնի հիմքերը ամուր ըլլային, հիմա մօտեցումը փոխուած է: Ինչ որ, անշուշտ, մերժելի եւ պախարակելի է»:
Օտար վարժարաններ ընտրելու պատճառը, ըստ Էսդուգեանի, քաղքենիութիւնն է ու միայն քաղքենիութիւնը: Միւս բոլոր պատճառաբանութիւնները՝ կրթութեան որակին կամ դասագիրքերու պակասի հետ կապուած, ուղղակի այդ քաղքենիութեան ու օտարամոլութեան արդարացումներ են: «Վերջին տարիներուն Սփիւռքի նոր սերունդին մէջ հայկական ամէն ինչէն հեռանալու, օտարանալու մոլուցք կայ», կը նկատէ Էսդուգեան: Ըստ անոր՝ ամբողջ աշխարհի մէջ երիտասարդ սերունդը կ՛օտարանայ հայկականէն, հայոց լեզուէն: «Անոնց հիմնական մասը արդէն հայախօս չէ: Իսկ մայրենին կը սկսի ոչ թէ մանկապարտէզէն կամ դպրոցէն, այլ տունէն՝ մօրմէն, հօրմէն ու ընտանիքէն: Բայց մեր ընտանիքներուն մէջ, դժբախտաբար, սկսած է իշխող լեզուն թուրքերէնը ըլլալու, անգլերէնը կամ, ըսենք, ռուսերէնն ու ֆրանսերէնը», կ՛ըսէ ան ու կ՛աւելցնէ, որ կը պատահին նաեւ դէպքեր, երբ խառն ամուսնութիւններու արդիւնքով ծնած երեխան կը սկսի խօսելու հայերէն՝ ունենալով օտար ազգի մայր մը: Աւելին՝ հայերէն կը խօսի նաեւ այլազգի մայրը:
Նշենք, որ Պոլսոյ մէջ կը գործեն 16 հայկական վարժարաններ, որոնցմէ 13ը անձնական են, իսկ 3ը՝ համայնքային: Այս դպրոցներուն մէջ կրնան սորվիլ միայն հայ քրիստոնեայ ընտանիքի զաւակները՝ ներկայացնելով նախ մկրտութեան թուղթ: