ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ռուսահայ Մարատ Ուլտանով-Գալուստեան, որ Յունիս 9, 2016էն ի վեր ձերբակալուած կը մնայ Պաքուի մէջ, վերջերս դիմեց Միջազգային Կարմիր Խաչի օգնութեան։ Գալուստեանի դէմ ներկայացուած են մեղադրանքներ, զորս ան կը հերքէ։
Մեղադրական թղթածրարը, ըստ Գալուստեանի ընտանիքին, անհիմն ամբաստանութիւններով լեցուն է. ձերբակալութեան բուն պատճառը՝ հայ գործարարին ազգային պատկանելիութիւնն է։ Դատական նիստերը անընդհատ կը յետաձգուին, իսկ Մարատ Ուլտանով-Գալուստեանի քոյրը՝ Մարիա Միրզոյեանը, կը յայտնէ, թէ բանտի բժիշկները չեն հետաքրքրուիր իր եղբօր առողջական վիճակով, հակառակ անոր որ ան կը տառապի ստամոքսի լուրջ հիւանդութենէ։
Մարատ Ուլտանով կ՛ամբաստանուի թմրանիւթեր տեղափոխելու ու վաճառելու յանցանքով։ Ան ուտեստեղէնի սպասարկութիւններ տրամադրող աւստրիական «Տօ էնտ Քօ» ընկերութեան հետ Պաքու կը գտնուէր՝ Պաքուի մէջ «Formula 1» ինքնաշարժի մրցումին սպասարկութիւններ մատուցելու համար։ Ան Պաքու ծնած է, սակայն 1990ականներու հակահայ ջարդերուն ընթացքին, ընտանիքին հետ Մոսկուա տեղափոխուած է։