ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Լոս Անճելըսի երաժշտական ընկերակցութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Շաբաթ, Սեպտեմբեր 9ին, երեկոյեան ժամը 8ին, Փասատինայի պատմական «Էմպեսետըր» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ նորակազմ «Կլենտէյլ Քանսորթ» նուագախումբի անդրանիկ համերգը, որուն պիտի միանայ միջազգային ճանաչում վայելող դաշնակահար Սերգէյ Բաբայեան։
Լոս Անճելըսի նորագոյնը հանդիսացող վերոյիշեալ նուագախումբին խմբավարն է Արման Քէյվանեան։
Սեպտեմբեր 9ի ձեռնարկին պիտի ներկայացուին Ռախմանինովի «Դաշնակի 3րդ համանուագ»ը եւ Պրամզի «Չորրորդ համանուագ»ը։
Տոմսերու գինը 35-100 տոլար է։
Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ տեղեր ապահովելու համար, այցելել www.lampa.org կայքը, կամ դիմել (747) 257-1841 թիւին։
Մինչեւ Օգոստոս 30 տեղեր ապահովողներու համար 20 տոկոսի զեղչ պիտի տրամադրուի՝ «promo20» գաղտնագիրը գործածելով։