ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Հայաստանի Ազգային հաւաքականի եւ անգլիական «Մանչեսթըր Եունայթըտ» ակումբի միջնապահ Հենրիկ Մխիթարեան, Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտէն յատուկ հռչակագիր մը ստացած է։
«Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտին եւ Լոս Անճելըսի ամերիկահայ համայնքին անունով կ՛ողջունենք ձեզ մեր հիանալի նահանգին մէջ: Մենք կը գնահատենք ձեզ՝ ձեր ուժին, կարգապահութեան եւ տոկունութեան համար, որոնց շնորհիւ դուք եւ «Մանչեսթըր Եունայթըտ»ը հասած էք անզուգական յաջողութիւններու», ըսուած է հռչակագիրին մէջ: