ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Երեք տարի առաջ, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի նախօրէին, «Ամերիքանա» առեւտուրի կեդրոնի պաշտօնեաները Կլենտէյլի մէջ ապօրինաբար եւ ամբարտաւանօրէն արգիլեցին Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուող շապիկներու վաճառքը՝ երեք հայ երիտասարդներու, որոնք պայմանագիր կնքած էին, նաեւ նախօրօք ներկայացուցած իրենց ապրանքը եւ վճարած էին կրպակի վարձակալութեան գինը։
Այնուհետեւ, «Ամերիքանա»ի վարձակալութեան աւագ տնօրէն Տորիս Նեշիւաթ ելեկտրոնային նամակով մը նախազգուշացուց հայ երիտասարդները՝ «Ցեղասպանութեան թեմայով որեւէ մարզական հագուստ, շապիկ, հեռաձայնի պատեան եւ Ցեղասպանութեան թեմայով որեւէ բան ամբողջութեամբ պէտք է դուրս բերուի վաճառքէն»։
Օրին, խմբագրականիս մէջ, «Ամերիքանա»ի գայթակղեցուցիչ եւ անհիմն պահուածքը մերկացնելէ, ինչպէս նաեւ տեղւոյն հայ համայնքի բողոքներէն ետք, «Ամերիքանա»ն կիսկատար ներողութիւն խնդրեց՝ տգեղ միջադէպը ներկայացնելով իբրեւ «թիւրիմացութիւն», ապա թոյլ տուաւ հայ երիտասարդներուն վաճառելու իրենց շապիկները։
Հայ համայնքը, որուն անդամներուն թիւը կը հասնի մօտաւորապէս 100 հազարի, այսինքն՝ Կլենտէյլի բնակչութեան կէսը եւ «Ամերիքանա»ի գնորդներուն մեծ մասը, վերջապէս պէտք է հասկնայ, թէ ի՛նչ բանն է, որ կը ստիպէ «Ամերիքանա»ի ղեկավարները՝ բոլոր առիթներով դէմ ըլլալու Հայոց Ցեղասպանութեան հրապարակման: Միւս կողմէ, ըլլալով խելացի գործարարներ, «Ամերիքանա»ի ղեկավարները պէտք է գիտակցին, որ արդիւնաւէտ չէ թշնամանալ իրենց յաճախորդներուն մեծամասնութեան հետ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ վիրաւորական դիրք բռնելով։
Վերջին շաբաթներուն, «Ամերիքանա»ի ղեկավարները անգամ մը եւս թշնամական դիրք բռնեցին՝ հրաժարելով տարածք տրամադրել Հայոց Ցեղասպանութեան մասին «Ժխտման Ճարտարապետները» վաւերագրական ժապաւէնի ծանուցումներու վահանակի տեղադրման համար: Վաւերագրական ժապաւէնը պատրաստած են հեռատեսիլի աստղեր Տին Քէյն եւ Մոնթել Ուիլեըմզ։
Այս անգամ եւս «Ամերիքանա»ի պաշտօնեաները ներկայացուցած են անհեթեթ եւ վիրաւորական պատճառներ՝ վճարովի ծանուցումը մերժելու համար: «Ամերիքանա»ի արտաքին ծանուցումի գործակալութիւնը՝ «Աութֆրանթ Միտիա»ն (Outfront Media), ըսած է վաւերագրական ժապաւէնի հեղինակներուն, որ «Ամերիքանա»ի ղեկավարները, առանց դիտելու վաւերագրական ժապաւէնը, զգացած են, որ անիկա «շատ քաղաքական» է: Խայտառակութի՛ւն…: Հայոց Ցեղասպանութեան մասին վաւերագրական ժապաւէնը չի կրնար պիտակաւորուիլ իբրեւ «շատ քաղաքական»: Սա մարդկային իրաւունքներու հարց է, որ քաղաքականութեան հետ կապ չունի…
Երբ իմացայ, որ «Ամերիքանա»ի գլխաւոր տնօրէն Ճուլի Ճորըքին էր, որ ծանուցումը մերժելով՝ օգտագործած էր «շատ քաղաքական» եզրը, հեռաձայնեցի՝ իրմէ բացատրութիւն պահանջելով: Ի պատասխան, ստացայ ելեկտրոնային նամակ՝ «Ամերիքանա»ի հասարակայնութեան հետ կապերու եւ հաղորդակցութեան բաժինի պատասխանատու Էմըլի Տէյվիսէն, որ ըսած էր. «Մենք խիստ չափանիշներ ունինք մեր ծանուցումներուն համար եւ ուշադիր կը հետեւինք անոնց բովանդակութեան: Այս ծանուցումը չի համապատասխաներ ծանուցման ուղեցոյցներու մեր չափանիշներուն՝ ամբողջ Հարաւային Քալիֆորնիոյ մեր տարածքներուն մէջ»:
Զգուշութեամբ պատրաստուած այս յայտարարութիւնը բացարձակ անիմաստ է…: Ուստի, դարձեալ գրեցի Էմըլի Տէյվիսին՝ զարմանք յայտնելով, թէ ինչպէ՛ս կրնայ վաւերագրական ժապաւէնի ծանուցումը «չհամապատասխանել «Ամերիքանա»ի ծանուցումային խիստ չափանիշներուն», երբ, փաստօրէն, «Ամերիքանա»ի ղեկավարները ո՛չ ժապաւէնը տեսած էին, ո՛չ ալ ծանուցումային վահանակին գրութիւնը՝ մերժողական պատասխան տալէ առաջ: Միակ տեղեկութիւնը, զոր «Ամերիքանա»ի պաշտօնեաները ունէին, այն էր, որ ծանուցումը եղած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին վաւերագրական ժապաւէնի մը համար: Ես հարցուցի Տէյվիսին, թէ արդեօք կ՛ենթադրէ՞, որ Հայոց Ցեղասպանութեան թեման կը խախտէ Ամերիկայի «ծանուցումի խստագոյն չափանիշները»: Իր տալիք պատասխանին մասին երեք օր մտածելէ եւ աւագ գործընկերներուն հետ խորհրդակցելէ ետք, Տէյվիս պատասխանեց, որ իրենք հաւատարիմ կը մնան իրենց նախորդ պատասխանին…
«Ամերիքանա»ի հետ փակուղի մտնելէ ետք, անցեալ շաբաթ այլընտրանք չունէի, բացի դիմելէն Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդին, ուր խորհուրդի հինգ անդամներէն չորսը հայեր են: Միայն այս փաստը, որ յայտնի էր «Ամերիքանա»ի ղեկավարներուն, եւս մէկ լուրջ սխալ հաշուարկ էր անոնց կողմէ, քանի որ անոնք օրէնքով պարտաւոր են պահպանել բազմաթիւ պայմանագիրներ, զորս կնքած են քաղաքային խորհուրդին հետ՝ առատաձեռն նպաստներու եւ բաւական շահաւէտ վարձակալութեան վճարումներու դիմաց: Այս իրաւական պարտաւորութիւններէն որեւէ շեղում կրնայ ստիպել քաղաքապետական խորհուրդը՝ վճռական գործողութիւններու դիմել «Ամերիքանա»ի դէմ՝ վերջինիս կողմէ կնքուած պայմանագիրները ի կատար ածել տալու նպատակով:
Քաղաքային խորհուրդին մէջ իմ հրապարակային ելոյթով կոչ ըրի քաղաքապետական իշխանութիւններուն՝ հարցը լուծելու համար հանդիպելու «Ամերիքանա»ի եւ հայ համայնքի ղեկավարներուն հետ: Հակառակ պարագային, համայնքը այլընտրանք չունի բացի պոյքոթի եւ ցոյցի դիմելէ: Քաղաքապետարանի խորհուրդին դիմելով, ինծի միացաւ նաեւ Հայ Դատի Կլենտէյլի յանձնախումբի համայնքի հանրային կապերու տնօրէն Մարգարիտա Բաղդասարեանը:
Քաղաքապետական խորհուրդի անդամները, բնականաբար, համակրանքով կը վերաբերէին մեր ներկայացումներուն եւ խոստացան միջամտել՝ «Ամերիքանա»ի ղեկավարներուն հետ հանդիպում կազմակերպելով: Հանդիպման նպատակը պէտք է ըլլայ ոչ միայն վերջին սխալ որոշումի սրբագրումը, այլեւ պարզաբանումը, թէ ամերիկացի պաշտօնեաներու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ նիւթերու բազմիցս մերժումներու ետին ի՞նչ կամ ո՞վ կայ կանգնած: Մենք պէտք է մէկընդմիշտ լուծենք այս հարցը…: Մենք չենք կրնար շարունակ գործ ունենալ «Ամերիքանա»ի պաշտօնեաներու կողմէ պարբերաբար ծագող՝ Ցեղասպանութեան առնչուող առարկութիւններու հետ: Մենք պէտք է գիտնանք, թէ ի՛նչ է «Ամերիքանա»ի պաշտօնեաներուն յաճախ կրկնուող այս անզգայ եւ վիրաւորական պահուածքին պատճառը: Եթէ անոնք շարունակեն թշնամական վերաբերում ցուցաբերել Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ, ապա թերեւս պոյքոթի եւ ցոյցի միջոցով անոնց գրպանը հարուածելը, առաւել՝ քաղաքապետական խորհուրդի ճնշումները, կը ստիպեն «Ամերիքանա»ի ղեկավարները, որ ուշքի գան…
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
The Armenian community should boycott Americana, to teach them a lesson.
Երկու շաբաթ առաջ, պատահմամբ «Ամերիքանա»յէն անցայ եւ զարմանքով նկատեցի թէ Caruso անուն մը կար, չեմ յիշեր որո՞ւ եւ ինչո՞ւ համար այդ անունը հոն էր:
Զարմացումիս պատճառը այդ անունն էր. Քարուսո հրեայ մըն է եւ ոսմանեան պետութեան եղափոխութեւն մէջ շատ, շատ խոշոր բաժին ունի: Թուրք Մասոններու ղեկավարն էր. անունը փոխած, թրքացուցած էր հրէութիւնը ծածկելու համար եւ եղած էր Քարասու: Սուլթան Համիտին գահազրկման լուրը ինք անձամբ յայտնած է սուլթանին:
Այս անունը երբեք չվրիպիր ուշադրութենէս եւ չանհետանար մտքէս:
Իրեն նման հազարաւոր հրեաներ թրքացած եւ քրտացած են ծածկելու համար իրենց բուն ինքնութիւնը եւ դարձած են գաղտնի Crypto Jews. Այդ թաքնուած հրեաներու մասին գիրք մը պատրաստած էի բայց վերջին վայրկեանին որոշեցի չհրատարակել: Ինչո՞ւ. որովհետեւ 2016-ի Յուլիսի թրքական բեմադրուած յեղաշրջումը պատահեցաւ եւ նոր, նոր նիւթեր ստեղծուեցան, ինչպէս եթէ կը յիշէք Պագրատունիներու եւ հրեաներու մասին գիրք մը, եւ ուրիշ գիրքեր որոնք նոր յայտնութիւններ կը պարունակէին: