ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Բժիշկ Իշխան Բաբաջանեանի «Յանդուգն Հայ Բժիշկի Ոդիսականը» խորագիրը կրող անգլերէն գիրքին ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 1ին, երեկոյեան ժամը 6էն 8, Լոս Անճելըսի Իրանահայ միութեան գրադարանի սրահին մէջ, որուն հասցէն է՝ 117 S. Louise Street, Glendale, CA. 91205։
Գիրքը կը պարունակէ հեղինակին Իրանի, Խորհրդային Միութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ ապրած տարիներու յուշերը:
Ձեռնարկի բանախօսներն են՝ Յարութ Սասունեան («Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի խմբագիր-հրատարակիչ, քաղաքական գործիչ եւ Հայաստան-Արցախ հիմնադրամի նախագահ), բժիշկ Յովսէփ Մելիք Յովսէփեան (պարսկերէն պատմական բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ) եւ Արտաշէս Քասախեան (Կլենտէյլ քաղաքի քարտուղար):
Գիրքին շահոյթը պիտի նուիրուի Հայաստան-Արցախ հիմնադրամին:
Ձեռնարկին մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն։