ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ինչպէս հաղորդած էինք, վերջերս լոյս տեսած է Միքայէլ Նուպար Միքայէլեանի հեղինակած՝ «Choose to Rise: The Victory Within» հատորը, որ Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն հիման վրայ գրուած պատմական վէպ մըն է:
Գիրքերու նուիրուած վերլուծականներ հրատարակող հեղինակաւոր «Քըրքըս Ռիվիու» թերթը անդրադարձած է Միքայէլեանի սոյն հատորին, որուն նիւթը կը ծաւալի Խարբերդէն սկսեալ մինչեւ Միացեալ Նահանգներ եւ կը սկսի 1913ին, երկու երիտասարդ եղբայրներ Արմէնի եւ Վարդանի պատմութեանց ընդմէջէն՝ պատմելով հայերու հալածանքը թուրքերու եւ քիւրտերու կողմէ։
«Տպաւորիչ է, որ հեղինակը կրցած է հայութեան դիմագրաւած ճնշումներուն պատմութեան մէկ կարեւոր մասը փոխանցել մէկ ընտանիքի մը պատմութեան միջոցաւ՝ մնալով համոզիչ եւ հաւատալի։ Ան Խարբերդը կը ներկայացնէ իբրեւ ապրելու իտէալ վայր, որ սակայն աստիճանաբար կը վերածուի մարդկութեան դիմագրաւած ամենավատ դէպքերու՝ ներառեալ պարտադիր ձուլումի, տեղահանութեան եւ սպանդներու հարթակի մը», կը գրէ «Քըրքըս Ռիվիու»ն՝ եզրակացնելով, որ հատորը միաժամանակ «ողբերգական եւ գեղեցիկ է, իր մէջ պահելով իմաստուն եւ յուսադրիչ պատգամ մը»։
Վէպը տրամադրելի է Amazon.com կայքէն: