ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ խորհրդարանի Սահմանադրական յանձնախումբին կողմէ անցեալ շաբաթ վաւերացուած՝ խորհրդարանի ներքին կանոնակարգին մէջ փոփոխութիւններ նախատեսող օրէնքներու փաթեթը, որ այսուհետեւ պիտի արգիլէ նաեւ ամպիոնէն բարձրաձայնել Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, Յուլիս 25ին քննարկման դրուած է խորհրդարանի լիագումար նիստին:
Փաթեթին դէմ հանդէս եկող քեմալական Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան պատգամաւոր Օզկիւր Օզել, մօտենալով ամպիոնին եւ ի նշան բողոքի՝ զայն ծածկած է սեւ կտորով: Պատգամաւորը յայտարարած է, որ ներկայացուող առաջարկը հակասահմանադրական է: «Դուք այս առաջարկով կը խլէք պատգամաւորներու խօսքի ազատութիւնը: Ասիկա խորհրդարանը 250 տարի ետ պիտի տանի», ազդարարած է պատգամաւորը:
Ներքին կանոնակարգի մասին օրէնքներու սոյն փաթեթի քննադատութեամբ հանդէս եկած են նաեւ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան պատգամաւորները: Պատգամաւոր Միթհաթ Սանճարը նշած է, թէ ներկայացուող առաջարկը ունի երկու նպատակ. առաջինը՝ խորհրդարանին մէջ ընդդիմութիւնը չէզոքացնել եւ «առանց ընդդիմութեան՝ խորհրդարան ստեղծելը», իսկ երկրորդը՝ «միաձայն խորհրդարան եւ հետեւաբար՝ միաձայն հասարակութիւն ստեղծելը»:
Փոփոխութիւններ նախատեսող օրէնքներու այս փաթեթին ի պաշտպանութիւն հանդէս եկած են իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնն ու անոր հետ համագործակցող Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը:
Խորհրդարանը պիտի շարունակէ փաթեթին շուրջ քննարկումները հետագային:
Յիշեցնենք, որ փաթեթը կ՛ենթադրէ պատիժ սահմանել այն պատգամաւորներուն, որոնք կը վիրաւորեն «թուրք ազգի պատմութիւնն ու համատեղ անցեալը»: Իբրեւ «վիրաւորանք» պիտի ընկալուի «1915 թուականի դէպքեր»ուն մասին խօսելու ժամանակ «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եզրի կիրառումը: Արգելքը պիտի վերաբերի նաեւ խորհրդարանի ամպիոնէն «Քիւրտիստան», «քրտական նահանգներ» եւ շարք մը այլ եզրերու գործածութեան:
Himi el lerenk Azkovin ou Angakh bedoutiamp?