ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Կիրակի, 23 Յուլիսին մատուցուեցաւ Մարտակերտի շրջանի Վանք գիւղին մօտ գտնուող պատմական Գանձասարի վանական համալիրի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ օծման 777ամեակին նուիրուած Ս. պատարագ, որուն ներկայ եղան Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան:
Արցախի Հանրապետութեան մէջ բարեգործական շարք մը ծրագիրներու իրականացման գծով իրենց ունեցած աւանդին համար, Գանձասարի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ օծման 777ամեակին առթիւ նախագահ Սահակեանը «Երախտագիտութիւն» շքանշանով պարգեւատրեց Արցախի թեմի փոխառաջնորդ Սահակ վրդ. Շաքարեանը եւ բարերարներ Վարուժան Բաղրամեանն ու Արամ Ֆրանկեանը: