ԵՐԵՒԱՆ.- Չորեքշաբթի, 19 Յուլիսին, Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի, մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեանի եւ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանի միջեւ:
Քննարկուեցան Հայաստան-Սփիւռք 6րդ համահայկական համաժողովին վերաբերող կազմակերպչական հարցեր:
Նախարարները անդրադարձան համաժողովի «Հայապահպանութեան հիմնախնդիրները» ուղղութեան ծիրին մէջ կայանալիք «Մայրենի լեզուն եւ դպրոցը հայ ինքնութէան կռուան» եւ «Մշակոյթի դերը հայապահպանութեան գործին մէջ» նիւթերուն հիման վրայ նիստերու բովանդակային հարցերուն: