
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- ՀՄԸՄ Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղը կը տեղեկացնէ, թէ իր սկաուտներէն Ճորճ Աւագեան, վերջերս ընտրուած է մաս կազմելու Միացեալ Նահանգներու ջրագնդակի (ուոթըր փոլօ) ազգային հաւաքականի զարգացման 25 հոգինոց խումբին։ Ընտրեալներու այս խումբէն է, որ կ՛ընտրուին երկրի ազգային հաւաքականի անդամները։
Նշենք, որ Ճորճ Աւագեան կը խաղայ խումբին կեդրոնի եւ յարձակողի դիրքերուն վրայ, եւ Լա Քանիատայի երկրորդական վարժարանի ջրագնդակի հաւաքականին հետ տպաւորիչ ելոյթներ ունեցած է 2016-2017 կրթական տարեշրջանին։