ՔԵՍԱՊ.- ՀՄԸՄի Սուրիոյ Շրջանային վարչութիւնն ու Սկաուտ խորհուրդը, մասնաճիւղերուն աշխատանքներուն մօտէն հետեւելու եւ քննելու համար աշխատանքներուն ընթացքն ու նոր մարտահրաւէրները, պարբերաբար հանդիպումներ կը կազմակերպեն:
Նման ձեռնարկ մըն էր Հինգշաբթի, 29 Յունիսին տեղի ունեցած ՀՄԸՄի Քեսապի մասնաճիւղի սկաուտական երկրորդ խորհրդաժողովը:
Խորհրդաժողովին ներկայ էին ՀՄԸՄի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մանուկ Քէօշկէրեան, Շրջանային Սկաուտ խորհւրդի անդամներ Յարութ Ղազարեան եւ Ճորճ Գալայճեան, Քեսապի մասնաճիւղի վարչութիւնն ու Սկաուտ խորհուրդը:
Խորհրդաժողովին սկիզբը խօսք առաւ ՀՄԸՄի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մանուկ Քէօշկէրեան: Ան գնահատեց մասնաճիւղի ութամսեայ ձեռնարկներն ու աշխատանքները՝ յառաջիկայ ծրագիրներուն մաղթելով յարատեւ կորով եւ եռանդ, ապա ան ներկայացուց մասնաճիւղի վերելքին եւ յառաջդիմութեան նպաստող կարեւոր գործելաձեւեր, աստիճանաւորական կազմը արդիականացած ոճով աշխատանքի մղող թելադրանքներ: Այնուհետեւ ան ներկայացուց յառաջիկայ տարեշրջանի ծրագիրներն ու աշխատանքները, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄի 100ամեակի նախապատրաստութիւնը:
Մասնաճիւղի խմբապետ Յակոբ Թրթռեան ամփոփ ձեւով ներկայացուց մասնաճիւղի ութամսեայ տեղեկագիրը:
Մասնակիցները խորհրդակցեցան մասնաճիւղի ներկայ դժուարութիւններուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին: Այս առումով ներկայացուեցան շարք մը առաջարկներ:
Թղթակցութիւնը՝ Մամուլի Յանձնախումբին Կողմէ