ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Հիւսիսային Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի նախագահ Մասուտ Պարզանի այս շաբաթավերջին Թուրքիա պիտի այցելէ։ Այցը յատկանշական կը նկատուի, որովհետեւ Պարզանի վերջերս Էրտողանն ու Թուրքիոյ իշխանութիւնները զայրացուցած էր՝ անկախութեան մասին ծրագրուած հանրաքուէն կազմակերպելով։
Թուրքիա բոլորովին դէմ է այդպիսի հանրաքուէի մը, եւ Էրտողան քանիցս յայտարարած է, որ Անգարա չի կրնար արտօնել, որ Իրաքի քիւրտերը անկախանան։ Սակայն, Պարզանի համակարծիք չէ եւ կը պնդէ, թէ հանրաքուէն Թուրքիոյ հետ կապ չունի, իսկ հանրաքուէ կազմակերպելու համար՝ ոեւէ մէկէն արտօնութիւն խնդրելու պէտք չունի։
Թուրքիա իր այցելութեան նախօրեակին, գերմանական թերթի մը հարցումներուն պատասխանելով՝ Պարզանի կրկնած է իր դիրքորոշումը եւ դիտել տուած է, որ ներկայ խառնակ պայմաններու լոյսին տակ, կարելի չէ պնդել, թէ Սուրիոյ ու Իրաքի միջեւ պաշտօնական սահմաններ գոյութիւն ունին։
«Անցեալի մէջ մնաց այդ շրջանը, երբ Իրաք կեդրոնական ուժեղ վարչութիւն մը ունէր», աւելցուցած է Պարզանի։
Անկախութեան հանրաքուէին կապակցութեամբ, Պարզանի ըսած է. «Հանրաքուէն մեր բնական իրաւունքն է. ասիկա մեր ու Պաղտատի իշխանութիւններուն միջեւ ներքին հարց է»։
Իսկ տարածաշրջանին մէջ Թուրքիոյ դերին մասին խօսելով՝ Պարզանի շեշտած է, թէ քիւրտերը Սուրիոյ մէջ պէտք է նկատի առնեն Թուրքիոյ մտահոգութիւնները, աւելցնելով. «Էրտողան, ուժեղ կեցուածք ցուցաբերելով՝ ուզեց դառնալ միակ քաղաքագէտը, որ թուրքերն ու քիւրտերը իրարու պիտի մօտեցնէր, բայց դժբախտաբար, Թուրքիոյ մէջ նոր զարգացումներ տեսնուեցան։ Նախագահ Էրտողան քաջարի քաղաքագէտ մըն է. հիմա, հաշտութեան գործընթացի իրականացման համար, պէտք է ազատ արձակուին Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան համանախագահ Տեմիրթաշն ու ձերբակալուած միւս երեսփոխանները»։