ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Ընդունինք կամ մերժենք, բնութեան ոյժը մեզմէ գերիվեր է: Ամէնէն թեթեւ երկրաշարժն իսկ կրնայ հաստատել մեր ըսածը, որովհետեւ մեր ոտքերուն տակ եղած գետնին նուազագոյն ցնցումին ստեղծած վայրկեանական վախը մեր սիրտին մէջ, բնութեան ոյժին դիմաց շուտով կը խեղճացնէ մեզ:
Նախամարդուն բնութեան ոյժէն ունեցած վախը ի զուր չէ՛: Անպաշտպան եւ քարայրաբնակ մարդը, եղէգնաշէն կամ հողաշէն հիւղակներու մէջ պատսպարուած մարդը պիտի վախնար կայծակէն կամ փոթորիկէն ու նոյնիսկ անձրեւէն, երբ տեսնէր, թէ անոնք որքան ոյժ ունին կործանելու տուները, այրելու փայտաշէն հիւղակները եւ բաց դաշտին մէջ անպաշտպան թողելու զիրենք: Այս ոյժին դիմաց բնականօրէն տկար պիտի զգար մարդը: Իսկ այսօր, ամէնէն կատարելագործուած շանթարգելներն ալ երբեմն կը ձախողին մեծ ուժգնութեամբ հարուածող կայծակները բռնել եւ չէզոքացնել, կամ՝ երկրաշարժներու կանխագուշակութիւնը կատարող արդիական գործիքներու այնքան զգայուն գծագիր ասեղները երբեմն կը ձախողին արձանագրել յանկարծական շարժերը: Ուրեմն, այսքան յառաջադէմ դարուն, բնութիւնը կը մնայ տակաւին աշխարհի հզօրագոյն ոյժերէն մէկը, գերիվեր մարդկային ոյժէն եւ ենթակայ միայն Երկնաւորի գերագոյն ոյժին:
Մարդը բնութեան մէկ մասնիկն է անկասկած: Հողեղէն եւ հոգեղէն բնութիւնը մարդուն մէջ երբեմն հաւասար չի՛ դիտուիր: Իր ֆիզիքականով մարդը այս աշխարհի մէջ շատ աւելի շեշտուած ներկայութիւն ունի, քան՝ հոգեկան աշխարհով: Իր ներաշխարհին մէջ այնքան հոգեկան ապրումներով հարուստ մարդը, երբեմն չի՛ կրնար արտայայտել իր ներքին զգացումները, ըսելով թէ բառերով կարելի չէ՛ արտայայտել զանոնք: Ուրեմն, մարդու բնութեան այս կարեւոր մասը՝ հոգեղինութիւնը, շատ աւելի անձնական բնոյթ ունի, քան՝ ֆիզիքականը: Իսկ իր շարժումներով եւ իր վարքով իր շրջապատին մէջ շատ աւելի՛ ներկայութիւն եղող մարդուն կենցաղավարութիւնը, ֆիզիքական գոյութեան պատճառով, շուտով կը նշմարուի ուրիշներէն, որոնք պէտք եղած պարագային կրնան դրական կամ ժխտական մօտեցումներով հակադարձել անոր: Մինչդեռ անոնք եթէ նոյնիսկ գուշակէին, թէ ենթական ի՞նչ կը մտածէր այդ պահուն, կրնային սխալ վերաբերում ցոյց տալ անոր, իրենց տեսակէտը ենթադրութեան վրայ հիմնուած ըլլալուն պատճառով:
Փոխյարաբերական կեանքի համար մեր ֆիզիքական հինգ զգայարանները գործի կը լծենք: Հոգեկան յարաբերութեան բարձր մակարդակն ալ բոլորիս ծանօթ է վստահաբար: Հոգիէ-հոգի երկխօսութիւնը, վեցերորդ զգայարանքի զգացուող առկայութիւնը որոշ պարագաներու, ինչպէս նաեւ նախազգացումներու հոգեկան աշխարհի ամբողջ «համակարգը» մեզի կը պարտադրէ հաւատալ, թէ մարդու հոգեկան աշխարհը ինչքա՜ն հարուստ իրականութիւն է: Այս խորունկ «ծովուն» մէջ լողալը ինչքա՜ն կը հարստացնէ մարդը փորձառութեամբ, իսկ անոր պարգեւած հաճոյքը, ֆիզիքական աշխարհի մէջ մարդուն զգացած հաճոյքներու ամէնէն երջանկացնողէն աւելին կ՛արժէ…։ Առանձնական պահուան մը մէջ կատարուած խորհրդածութիւն մը, որ յաջողի մարդս Աստուծոյ գերագոյն գաղտնիքներուն հաղորդ դարձնել, անկարելի է փոխարինել երկրաւոր ամէնէն ցանկալի հաճոյքին հետ, որուն բնոյթը անկասկած ժամանակաւոր է ու վաղանցուկ:
Երկրաւոր կեանքի լաւագոյն տարբերակը զոր մարդիկ իրարու կը մաղթեն յաճախ, «երջանիկ կեանք»ն է: Զանազան առիթներով մարդիկ այս բարեմաղթանքը կը կատարեն իրարու, հաւատալով որ երջանիկ կեանք մը, նաեւ աստուածահաճոյ կեանքն է, երբ ամէն յարաբերութիւն՝ առ Աստուած եւ առ մարդիկ հաւասարակշռուած կ՛ըլլան, բարեբեր ըլլալով բոլորին համար:
Աստուածաստեղծ մարդուն շնորհուած հինգ զգայարանները որոնցմով իր փոխյարաբերական կեանքը կը վարէ ան, յատուկ նպատակով զետեղուած են անոր մարմինի տարբեր մասերուն վրայ: Գլուխը, որ մարդս կառավարող զգայարաններուն մէկտեղումն է, վերահսկիչ ու շրջահայեաց զոյգ աչքերուն, հոտառութեան համար ստեղծուած ռունգերուն հետ, ունի նաեւ զոյգ ականջներ եւ մէկ բերան:
Այս վերջին երկու զգայարաններուն բաղդատականը շատ մեծ դասեր կրնայ տալ մեզի: Շատեր կը դժգոհին իրենց ականջներէն, լսողութեան տկարութիւն զգալու պարագային: Մասնագէտ բժիշկներ ամէն միջոցի կը դիմեն, վերականգնելու համար խուլերու լսողութիւնը, յատուկ արդիական գործիքներու յարմարեցումով եւ նոյնիսկ վիրաբուժական գործողութիւններ կատարելով: Միւս կողմէ, անոնք, որոնք չեն ուզեր լսել այն խօսքերը, որոնք վիրաւորական են, կա՛մ խուլ կը ձեւանան կամ՝ իրենց ականջներուն մէջ բամպակ կը թխմեն…։ Բայց Աստուած մեր ականջները փեղկերով չէ՛ ստեղծած: Մենք հնարաւորութիւն չունինք մեր ուզած պահուն մեր ականջները փակելու: Նոյնիսկ եթէ մեր ափերով փակենք մեր ականջները, անպայման կը լսենք որոշ ձայներ: Սակայն մեր աչքերը նոյնը չեն, ո՛չ ալ մանաւանդ մեր բերանը: Մեր աչքերը գոցելով, մենք չենք տեսներ այն, ինչը կը կատարուի մեր շուրջը:
Մարդկային բերանին փակուելու հնարաւորութեամբ ստեղծուած ըլլալը խորհրդանշական մեծ իմաստ ունի: Բերանը երբ փակուելու յատկութիւն ունի, ուրեմն կրնայ անտեղի չխօսիլ, մինչ ականջները միշտ բաց են ամէն խօսքի ու ձայնի, նոյնիսկ տհաճ արտայայտութեան կամ հայհոյանքի դիմաց:
Իւրաքանչիւր անձ իր շրջապատին մէջ, լսող մը պէտք է ըլլայ ամէն բանէ առաջ: Նախքան կարծիք յայտնելդ եթէ գիտնաս լսել ուրիշներուն արտայայտած կարծիքը, այնքան աւելի յարգուած կ՛ըլլաս: Լսուած խօսք է, թէ շատ աւելի ընկերներ կրնայ շահիլ մարդ իր ականջներով, քան՝ բերանով…։ Այո՛, որովհետեւ ամէն մարդ կ՛ուզէ որ զինք լսես, իր մտահոգութիւնները բաժնես, իր դժուարութիւններուն լուծում բերես: Միւս կողմէ, յաջողակներ ալ կան, որոնք դարձեալ լսուիլ կ՛ուզեն, եւ կ՛ակնկալեն, որ իրենց ունեցած յաջողութիւնները յայտնեն քեզի, ցոյց տալով, թէ որքան ճարտարութեամբ կարողացեր են յաջող արդիւնքի հասնիլ: Ասոնք նաեւ կ՛ուզեն որ ամէն մարդ օրինակ առնէ իրենցմէ, գովէ զիրենք իրենց արձանագրած յաջողութիւններուն համար, եւ ի վերջոյ աշխարհն ալ տեղեկացուած ըլլայ իրենց կեանքին վերաբերող կարեւոր այս իրադարձութիւններուն մասին: Ուրեմն, ասոնք ալ լսուելու պահանջք ունին:
Մարդուն համար աստուածաստեղծ բնութեան նախագծած զգայարանական պատկերը՝ ականջներուն փակուելու հնարաւորութիւն չունենալը եւ բերանին բացուելու եւ գոցուելու յատկութիւնը բոլորիս համար բարոյական մեծ դաս է: Ականջներդ միշտ բաց պիտի ըլլան, որովհետեւ պէտք ունիս լսելու ամէն ինչ՝ քեզի կը հետաքրքրէ կամ ոչ, որպէսզի ներկայ ըլլաս այս աշխարհի մէջ նմաններուդ կողքին: Սակայն, պէ՛տք է գիտնաս, թէ բերանդ այն ծուղակն է, որուն մէջ ուրիշներ իյնալէ առաջ, քո՛ւ ոտքը պիտի գայթի եւ կրես այդ անկումին հետեւանքները: Ֆիզիքական անկումի մը նման ոտք կամ ձեռք կոտրելու վտանգ չկայ միայն այստեղ՝ քու իսկ բերանին ծուղակին մէջ իյնալու այս փորձանքի պարագային, այլեւ աւելին:
Մեր բերանը փակելու հնարաւորութիւն երբ տուեր է մեզի աստուածաստեղծ բնութիւնը, ուրեմն պէտք է օգտուինք այս հնարաւորութենէն եւ փակենք մեր բերանը այն ժամանակ, երբ կարիք չունինք խօսելու: Մեր իմաստութենէն բան չի՛ պակսիր, իսկ մեր լռութիւնը գուցէ աւելի՛ դրական տպաւորութիւն թողու մեր շրջապատին վրայ:
Երբ կ՛ընդունինք բնութեան մեզմէ գերիվեր ըլլալը, մեզի կը մնայ համամիտ ըլլալ բնութեան, ընդունելով մեր ականջներուն բաց մնալը, իսկ բերանին փակուիլը՝ հարկ եղած պարագային: