ԶԱՐԵՀ ՍԱՓՍԶԵԱՆ
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Տանս մօտ բացուեցաւ ատամնաբուժի դարմանատուն մը, ուր ցուցանակին վրայ, ատամնաբուժին անուան մօտ կ՛ըսէ. «Կանաչ ատամնաբուժութիւն-DENTISTRY IN GREEN: Ամէն տեսակ GREEN գործերու հանդիպած եմ, սակայն չեմ գիտեր, թէ ինչպէ՛ս ատամնաբւժութիւնն ալ կանաչ կ՛ըլլայ:
Սարգիս, Սանթա Մոնիքայէն
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Ամերիկայի մէջ ամէն տասնամեակ նորութիւն մը մէջտեղ կը հանեն եւ մեծ ընկերութիւններ ալ այդ ձեւով մեծ գումաներ կը շահին: Շրջան մը light-ն էր եւ ամէն ուտելիքի վրայ կը տեսնէիր այդ light-ը, յետոյ sugar free-ն ի պատիւի էր, ապա 0rganic-ը, որ տակաւին ուժի մէջ է. Իսկ վերջինն ալ green ըլլալն է: Այսինքն մթնոլորտին եւ մոլորակին պահպանութեան համար կանաչ ըլլալ: Առեւտրական շէնքի մը տէրը շէնքին լոյսերը աւելի խնայողական լոյսերով կը փոխարինէ, շէնքին տանիքն ալ քիչ մը կանաչ բոյսեր կը տնկէ եւ արդէն շէնքը եղաւ կանաչ (green building), որ իրեն առիթ կու տայ վարձքերը լաւ մը բարձրացնելու: Ճաշարան մը բաղնիքին լուացարանները կը փոխէ աւելի խնայողանով ու ճակատաբաց կը յայտարարէ, թէ կանաչ ճաշարան է ու գիները կրնայ քիչ մը բարձրացնել: Եւ այսպէս՝ շատ մը օրինակներ: Իսկ գալով քու յիշած ատամնաբուժիդ, թէ ինչպէս կանաչ կրնայ դառնալ, հաւանաբար հիւանդներուն ակռաները կանաչ խոտով լեցնէ:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Անցեալները կարդացի Թուրքիոյ նախագահին կնոջ՝ Էմինէ Էրտողանի արտառոց արտայայտութեան մը մասին։ «Օսմանեան շրջանին հարեմանոցները կիներուն համար եղած են իսկական դպրոցներ», կ՛ըսէ ան: Քիչ մը այլանդակ յայտարարութիւն չէ՞ այս մէկը:
Արմիկ, Լաս Վեկասէն
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Երբ իր ամուսինը՝ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան այլանդակ յայտարարութիւններու թագաւորն է, բնականաբար կինն ալ իրմէ ազդուած ըլլայ: Չէ՞ որ թրքական առածը կ՛ըսէ. «Երբ երկու էշ իրարու քով կապես, անպայման մէկը միւսին կամ բնաւորութենէն, կամ ալ զռոցէն կ՛առնէ»: Այս պարագային կարծեմ տիկին Էրտողանը իր ամուսնոյն թէ՛ բնաւորութենէն, թէ ալ զռոցէն առած է: Իսկ եթէ հետեւինք տիկին Էմինէյի տրամաբանութեան՝ թէ հարեմանոցները եղած են մէկական իսկական դպրոցներ կիներուն համար, ուրեմն ներկայի Թուրքիոյ բոզանոցներն ալ պէտք է ըլլան մէկական իսկական համալսարաններ: Եւ արդեօք Ռեճեփն ու Էմինէն այդ «համալսարան»ներէն մէկուն մէջ իրար հանդիպած ու սիրած են:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Քանի մը շաբաթ առաջ տեղի ունեցաւ «Օրօրա» մրցանակին երկրորդ բաշխումը, ուր Սուտանի Ան Նուպա լեռներուն հաստատուած ամերիկացի վիրաբոյժ Թոմ Քաթինա շահեցաւ մրցանակը, որովհետեւ ան տարեկան հազար վիրահատութիւն կ՛ընէ եւ աւելի քան 400 հիւանդի կը սպասարկէ: Շատ տպաւորիչ են չէ՞ այս թիւերը, զորս քաղած եմ «Օրօրա» հիմնարկի տեղեկատուութենէն:
Պայծառ, Թորոնթօէն
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- «Օրօրա» հիմնարկի հիմնադիր Ռուբէն Վարդանեան կը նշէ, թէ «Օրօրա» մրցանակին շուրջ պէտք է վստահութիւն կառուցել եւ զայն համաշխարհային շարժումի վերածել: կ՛ըսուի թէ Թոմ Քաթինն օրական 400է աւելի հիւանդի կը սպասարկէ. եթէ բժիշկ Թոմը ամէն մէկ հիւանդի միայն չորս վայրկեան յատկացնէ, (ինչ որ գրեթէ անկարելի է) եւ առանց դադարի, այդ կ՛ընէ քսանվեց ժամէն քիչ մը աւելի: Առաւել, տարեկան հազար վիրահատութիւն, այսինքն օրական գրեթէ երեք վիրահատութիւն եւ անշուշտ Սուտանի մէջ ալ, օրը միայն 24 ժամ ունի: Ուրեմն այս անկարելի եւ անտրամաբանական թիւերը ներկայացնելով, Ռուբէն Վարդանեան ինչպէ՞ս կ՛ուզէ «Օրօրա» մրցանակին շուրջ վստահութիւն կառուցել եւ զայն համաշխարհային շարժումի վերածել:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Անցեալ շաբաթ Համպուրկի մէջ կայացած G20 երկիրներու հանդիպման ընթացքին նախագահներ Փութին եւ Թրամփ հանդիպում մը ունեցած են: Կ՛ըսուի թէ հանդիպման մասին տեղեկութիւնները այնքան գաղտնի պահուած են, թէ դուրսէն ոեւէ մէկը տեղեակ չէ, թէ ինչի՛ մասին խօսած են:
Կարպիս, Ֆրէզնօյէն
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Այո, իմ լսած տեղեկութիւններուս համաձայն, խօսակցութիւնները այնքան գաղտնի պահուած են, որ նոյնիսկ նախագահ Թրամփ տեղեակ չէ, թէ ինչ խօսած են: