ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Տիֆենս Նիուզ».- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Ներկայացուցիչներու տան Օրէնքներու յանձնախումբը Չորեքշաբթի, Յուլիս 12ին կրնայ քուէարկութեան դնել Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներու հարցը։
Չորս քոնկրեսականներ այս գծով իրենց առաջարկները հիմնած են յատկապէս՝ Ուաշինկթընի մէջ Մայիս 16ին տեղի ունեցած խաղաղ ցոյցի մը ժամանակ Թուրքիոյ նախագահի թիկնապահներուն կողմէ ցուցարարներու դէմ վայրագ յարձակումի փաստին վրայ, շեշտելով, որ ամերիկեան սկզբունքներու նման ոտնակոխումէ մը ետք՝ Թուրքիոյ զէնքեր վաճառելու ծրագիրները խոտոր կը համեմատին Միացեալ Նահանգներու սկզբունքներուն։
Ինչպէս հաղորդած էինք նախապէս, Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի անդամ Տէյվիտ Սիսիլին առաջարկած էր կասեցնել արդիական «Էֆ.35» տիպի ռազմական օդանաւեր Թուրքիոյ ծախելու ծրագիրը։
Իսկ քոնկրեսական Տէյվ Թրաթի առաջնորդութեամբ, այլ արշաւ մը սկսած էր՝ կասեցնելու համար Էրտողանի թիկնապահներուն արդիական զէնքեր ծախելու ծրագիրը։ Այս նպատակով սկսած ստորագրահաւաքը ցարդ 36 քոնկրեսականներու աջակցութիւնը ապահոված է։
Նաեւ, քոնկրեսական Տանա Ռորպախըր առաջարկած է Թուրքիոյ բանակը զինելու փոխարէն՝ զէնքեր տրամադրել «Իսլամական պետութեան» դէմ պայքարին մէջ գործնական աջակցութիւն տրամադրող Սուրիոյ քիւրտերուն, իսկ քոնկրեսական Տան Պէյըր առաջարկած է դէպի Միացեալ Նահանգներ մուտքը արգիլել Էրտողանի ա՛յն թիկնապահներուն, որոնք ցուցարարներ ծեծած էին Մայիս 16ին։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան իր կարգին դրուատեց այս քոնկրեսականներուն ջանքերը։