ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Պելոռուսի մայրաքաղաքին մէջ կայացած ԵԱՀԿ Խորհրդարանական վեհաժողովը (ԵԱՀԿ ԽՎ) իր 26րդ ամառնային նստաշրջանի ամփոփիչ նիստին վաւերացուց Մինսկի հռչակագիրը:
Փաստաթուղթին մէջ, մարմինը իր խորին ափսոսանքը կ՛արտայայտէ Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման գործին մէջ յառաջխաղացքի բացակայութեան առնչութեամբ եւ կոչ կ՛ընէ կողմերուն, որ անյապա՛ղ անցնին առարկայական բանակցութիւններու՝ հակամարտութեան շուտափոյթ եւ կայուն կարգաւորման միջոց մը գտնելու նպատակով:
ԵԱՀԿ ԽՎ նաեւ կոչ ըրած է Մինսկի խմբակի համանախագահներուն, որ նոյն նպատակով աշխուժացնեն բանակցային ջանքերը: