ԱՍՊԵՏ Պ.
Մեր առօրեային մաս կը կազմէ գնահատել, քննադատել, դատել մեր շուրջիններու, ծանօթներու կամ անծանօթներու վարքը, անոնց արարքները, դիրքորոշումները:
Կը քննադատենք ու կը դատենք, յաճախ առանց անդրադառնալու, որ մեր սեփական վարքը այնքան ալ տարբեր չէ՛: Կամ՝ մեզի համար ընդունելի է, որ ունենանք երկու չափ՝ երկու կշիռ, կամ ալ՝ չենք անդրադառնար մեր սեփական կեղծիքին:
Եկէք այս հարցը քննենք շատ զգայուն նիւթի մը ծիրէն ներս:
Արցախի ճակատին վրայ շարունակաբար երիտասարդ զինուորներ կը նահատակուին՝ արդար զայրոյթ եւ ընդվզում յառաջացնելով բոլորիս մէջ: Այս ընդվզումը մեզի իրաւունք կու տայ քննադատելու, դատելու այն մարդիկը, որոնք անհաղորդ ըլլալով այս ցաւին՝ իրենց կեանքը կը վարեն սովորական զբաղումներով, ժամանցին ու հանգիստին տալով իրենց ոչ-աշխատանքային ժամերուն մեծագոյն մասը:
Եթէ մեզ լիազօրողը պարզապէս մեր ընդվզումն է ու անոր սաստկութիւնը, կամ՝ այս թէ այն միութեան մէջ մեր անդամակցութիւնը, ապա պէտք է զգոյշ ըլլանք ու մեր շրջապատին մէջ մեզ ճանչցողներու աչքին խոցելի չդառնանք, երբ մեր գործն ու մասնակցութիւնը այնքա՛ն չափուած ու ձեւուած են, որ զոհաբերութիւն ըլլալէ շա՜տ հեռու են, նոյնիսկ սրբապղծութիւն կարելի է համարել նման համեմատութիւն մը:
Այսուհանդերձ, դատելն ու քննադատելը դրական կը նկատենք, եթէ մղիչ ուժը՝ ներշնչման իրակա՛ն աղբիւրներու եւ մեր կարողութեանց առաւելագոյն լարումով ազգային կեանքին մասնակցելու բանաձեւի փնտռտուքն է: Դատելէ ու քննադատելէ խուսափումը, միւս կողմէ, իր մէջ ունի մեզ կրաւորականութեան առաջնորդելու վտանգը, չդատենք՝ որ չդատուինքի վախկոտութիւնը: