ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Արագածոտնի դաշնակցական մարզպետ Գաբրիէլ Գէօզալեան հրաժարած է իր պաշտօնէն: Կուսակցութեան որոշումով հրաժարական գրած մարզպետին պիտի փոխարինէ երիտասարդ գործիչ, ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէի ներկայացուցիչ Աշոտ Սիմոնեան:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան, հաստատելով այս լուրը՝ յայտնած է. «Երիտասարդ կադր ենք բերելու: Առաջարկելու ենք Երեւանի քաղաքային կոմիտէի ղեկավար Աշոտ Սիմոնեանի թեկնածութիւնը»:
Աշոտ Սիմոնեան ծնունդով Արագածոտնի մարզի Թալին գիւղէն է, մասնագիտութեամբ՝ տնտեսագէտ: