ՌԱԶՄԻԿ ՀԱՐՈՒՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի խորհրդական Մհեր Տէրտէրեանի յօդուածը («Ասպարէզ», 21 Յունիսի թիւով ) այն պատուհանն է, որուն միջոցաւ մասամբ կը պարզուի «կառավարելի» Հայաստանի այն տեսարանը, զոր երկրի քաղաքական վերնախաւը կը պատկերացնէ: «Հայ Հասարակութեան Արժէքային Ճգնաժամը» խորագիրով յօդուածը առիթը կու տայ ծանօթանալու կառավարութեան ղեկավարին խորհուրդ տուող անձի մը կարծիքներուն եւ երկիրը տագնապեցնող խնդիրներու մասին անոր տեսակէտներուն: Արժէքներու անոր տեսակաւորումը արդիւնքն է սեփական համոզմունքի, ակնկալութեան եւ աշխարհահայեացքի մը, որոնք կրնան ընդհանրացած ըլլալ իշխանութեան մէջ: Հետեւաբար, հարկ է խորհրդականին բարձրացուցած կարգ մը խնդիրներուն աւելի մօտէն անդրադառնալ, թէկուզ փիլիսոփայական տեսանկիւնէ, քանի որ խօսքը արժէքներու մասին է եւ արժէքներու ազդեցութիւնը Հայաստանի ընկերային-քաղաքական կեանքի զարգացման վրայ:
Մեր արժէքները կը սահմանեն թէ՛ ընկերային, թէ՛ քաղաքական մեր կողմնորոշումները: Իւրաքանչիւրս ունի ընկերային կամ քաղաքական հարցի մը մօտենալու ձեւ եւ լուծման պատկերացում, որ կու գայ իւրաքանչիւրիս ունեցած արժէքային համակարգէն: Հոս կարեւոր է հասկնալ արժէքը որպէս բարոյական հակումներու կամ ըմբռնումներու հաւաքածոյ, որուն հիմամբ ընկերային եւ քաղաքական աշխարհահայեացք եւ վերաբերմունք կը ձեւաւորուի: Երբ ան կը նշէ, որ Հայաստանի ժողովուրդին մեծամասնութիւնը «համախմբուած է՝ իրեն պետութեանն ու իշխանութիւնների հակադրելու հիմքով», պէտք է հետեւցնել որ, ըստ իրեն, այդ մեծամասնութեան համար արժէքային խորք ունի պետութեան եւ իշխանութեան հակադրուիլը եւ որ այդ կեցուածքը արդիւնքը չէ կացութեան մը կամ մթնոլորտի մը:
Հակադրուիլը ինքնին արժէք չէ, որովհետեւ արժէքը հակազդեցութեամբ չի գոյանար: Հակադրուիլը դրսեւորում է՝ արժէքներէ թելադրուած դիրքորոշում մը: Հետեւաբար, հակադրուելու որոշումը պէտք է դրդապատճառ ունենայ, այս պարագային բան մը որ տուեալ արժէքային համակարգին հետ անհամաձեւութեան արդիւնքն է: Յօդուածը վարկածներ չ՛առաջարկեր թէ ճիշդ ի՞նչ է բախում յառաջացնողը: Անոր փոխարէն կը տրուի այդ կեցուածքին ապարդիւնութիւնը ենթադրող բաղդատական մը՝ «Բայց միթէ՞ աշխարհում ինչ-որ վայրում հնարաւոր է գտնել իդէալական քաղաքականութիւն եւ քաղաքական գործիչներ»: Ի հարկէ ոչ, կարելի չէ գտնել երկիր մը, ուր գոյութիւն ունի իտէալական քաղաքականութիւն եւ քաղաքական գործիչներ: Բայց բաղդատականը չի չէզոքացներ հարցը:
Բաղդատականին միջոցաւ կարելի չէ հաստատել հակադրելու հիմքին անօգուտութիւնը, որովհետեւ այդ նոյն ոչ իտէալական վայրերուն մէջ նաեւ գոյութիւն ունի արժէքային տարբերութիւններու հիման վրայ խարսխուած հակադրութիւն, որ իր ազդեցութիւնը ունի քաղաքական գործընթացներու վրայ: ԱՄՆն չունի՞, Ֆիլիբինը չունի՞, թէ Անգլիան չունի: Երբեմն հակադրութիւը անձի մը շուրջ է՝ ինչպէս ԱՄՆի մէջ իսկ երբեմն քաղաքական ուղղութեան դէմ է՝ ինչպէս Անգլիոյ մէջ (Եւրոխորհուրդը լքելու համար): Դժուար է համաձայնիլ այն կարծիքին հետ, որ հակադրութիւնը խորք եւ հիմք ունի, բայց ծագում եւ պատճառ չունի կամ, որ յօդուածին մէջ չի գտնուիր, բայց որուն երանգը երբեմն կը նշմարենք արտայայտութիւններու մէջ, որ չունի նոյնիսկ գոյանալու տրամաբանութիւն, չըսելու համար իրաւունք:
Ժողովրդավարութեան անկեղծօրէն հաւատարիմ երկիրը պէտք է ընդունի քաղաքական հակադրութիւնը որպէս մնայուն երեւոյթ: Ղեկավարի մը համար ամէնէն վնասակար ինքնախաբէութիւնը այն համոզումն է, որ իր կողմնորոշումները հակադրութեան պիտի չհանդիպին: Այն մտածելակերպը, որ ժողովուրդն է հանրապետութիւնը վտանգողը բռնատիրութեան ճամբան բռնած ճանապարհ է: Ազգովին կը մերժենք այդ ճանապարհը, որքան ալ որ խաղաղ երեւի, որովհետեւ մեր արժէքներէն աւելի հեռու տանող բան չկայ քան քաղաքական ճակատագիրի յանձնումը ոեւէ մէկուն:
Իսկ մեր արժէքներուն աւելի մօտ բերող բան չկայ քան միասնականութիւնը: Իսկական միասնականութիւնը՝ ջերմագին հանդուրժողութիւնը, անկեղծ գործակցութիւնը եւ իրար սատարումը, ամէն ճգնաժամէ փրկող ճանապարհն է: Այն հոգեւոր եւ հոգեբանական ճգնաժամերը որոնց կ՛ադրադառնայ խորհրդականը իրօք բարդ խնդիրներ են: Բայց, մէկ կողմէ, կարելի չէ իրար նկատմամբ վստահութեան, հասկացողութեան եւ ընդունելութեան չգոյութեան մասին ողբալ, իսկ միւս կողմէ, առանց բացառութեան կամ մեկնաբանութեան հանդէս գալ «այն բոլոր շարժումների եւ նախաձեռնութիւնների դէմ, որոնք սպառնալիք են ներկայացնում ընտանիքի ինստիտուտին» կամ «որ հայկական մշակոյթից հեռու գտնուող մարդիկ փորձում են կործանարար գաղափարներ տարածել մեր հասարակութեան մէջ»:
Հասկացողութեան եւ ընդունելութեան աչառու կիրարկութիւնը ի վերջոյ խտրականութիւն է: Մեր մշակոյթը վերջնական վիճակ չունի, պէտք չէ դիտել զայն որպէս հասունցած գաղափար մը, որ ամէն կարելիութիւն հաշուի առած է եւ որմէ անդին զարգացումները բացառուած են: Մշակութային ինքնավստահութեան տագնապ խոստովանող կեցուածք է անոր շրջագիծի ցանկապատումը, որ միաժամանակ թերագնահատումն է անոր ներգործութեան զօրութեան: Պէտք է ապաւինիլ մեր մշակոյթին իւրացնելու յամառ կարողութեան եւ ինքնաբուխ յարանորոգումի անոր անյագութեան:
Պէտք է նաեւ փայփայել մեր պետութեան խորհրդանիշները, այո՛, պահպանել զանոնք յաջորդող սերունդներուն փոխանցելու համար, ինչպէս կը խրատէ խորհրդականը։ Ասոր համար պէտք է ընդունիլ մեր պատմական ժառանգութիւնը: Հայաստանի Հանրապետութեան հիմը Խորհրդային Միութեան փլատակներով չէ կառուցուած: Եռագոյինին կարմիրը Բաշ Ապարանի դաշտերը ներկած արիւնն է, իսկ կապոյտը՝ Սարդարապատի երկնային յաղթակամարը: Մեր պետականութիւնը մեզմէ անկախաբար չէ հիմնուած, անիկա սնանկացած գաղափարախօսութեան մը որբ ձգածը չէ: Անիկա իր ծագումը պէտք է տեսնէ ոչնչացման եզրին հասած ժողովուրդի մը գոյատեւելու անկորնչելի կամքին մէջ: