ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի Խառն ժողովը, նախագահութեամբ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, Երեքշաբթի, Յունիս 20ին գումարեց Ազգային երեսփոխանական ժողովի 45րդ նստաշրջանէն ետք իր առաջին նիստը եւ Թորգոմ Ծ. վրդ. Տօնոյեանը նշանակեց առաջնորդական փոխանորդ։
Նշենք, որ Ազգ. երեսփոխանական ժողովի յիշեալ նստաշրջանին ուղղած իր պատգամին մէջ, առաջնորդ սրբազանը յայտնած էր, որ Խառն ժողովի յառաջիկայ նիստին հայր Թորգոմի թեկնածութիւնը պիտի առաջարկէ առաջնորդական փոխանորդի պաշտօնին համար։
Երեքշաբթի օրուան ժողովը միաձայնութեամբ որդեգրեց առաջնորդին առաջարկը, որ կը վայելէ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին օրհնութիւնը։
Ծանօթ է, որ նշանակեալ հայր սուրբը թեմին մէջ ծառայութեան կոչուած է Մարտ 2017էն ի վեր։
Խառն ժողովը յաջողութիւն կը մաղթէ հայր սուրբին՝ իր առաքելութեան մէջ, այն վստահութեամբ, որ ան առաջնորդ սրբազանին եւ ժողովականութեան հետ գործակցաբար, իր նպաստը պիտի բերէ թեմի աշխատանքներուն յառաջընթացքին մէջ։
Խառն ժողովը օրակարգի վրայ ունէր նաեւ Ազգ. երեսփոխանական ժողովէն բխած որոշումներն ու մտածումները, որոնց շարքին, եւ մեկնելով Արամ Ա. կաթողիկոսի յանձնարարութենէն, յառաջիկայ 10 տարիներուն վրայ երկարող՝ թեմի վերաշխուժացման ծրագիրները։ Այս բոլորը հիմք կը ծառայեն Կրօնական ժողովի ու Ազգ. վարչութեան յառաջիկայ աշխատանքներուն հունաւորման ու կենսագործման։