«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Այսօրուան «Ասպարէզ»ի երկրորդ էջով ձեր ուշադրութեան յանձնած ենք Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեանի խորհրդականներէն Մհեր Տէրտէրեանի «Հայ Հասարակութեան Արժէքային Ճգնաժամը» խորագրուած յօդուածը:
Յոյս ունինք, որ կառավարութեան ղեկավարին մօտիկ կանգնած անձի մը համոզումները արտացոլող այս յօդուածը կ՛արժանանայ մտաւորական քննարկումի, որուն համար «Ասպարէզ»ը սիրով կը տրամադրէ իր սիւնակները:
Այստեղ, կ՛ուզենք անդրադառնալ նոյն յօդուածին մէջ արծարծուած հարցի մը, որ մեր կարծիքով՝ ունի իւրայատուկ կարեւորութիւն՝ Հայաստանի մէջ հասարակական շարժումներու ճիշդ գնահատման եւ, մանաւանդ, երիտասարդ գործիչներու քաղաքական կեանքին մէջ ներգրաւելու կապակցութեամբ:
Մհեր Տէրտէրեան կը գրէ. «Ինձ համար՝ որպէս հայ պահպանողականի, առաջնայինը ազգային շահերն են, որոնք հիմնուած են մեր պատմա-մշակութային ժառանգութեան վրայ: Որո՞նք են այդ շահերը: Նախ եւ առաջ՝ անհրաժեշտ է պահպանել, ամրապնդել եւ քարոզել հայկական ընտանիքի պաշտամունքը: Որպէս հայ պահպանողական՝ ես հանդէս եմ գալիս այն բոլոր շարժումների եւ նախաձեռնութիւնների դէմ, որոնք սպառնալիք են ներկայացնում ընտանիքի ինստիտուտին: Յատկապէս անհանգստացնում է այն փաստը, որ հայկական մշակոյթից հեռու գտնուող մարդիկ փորձում են կործանարար գաղափարներ տարածել մեր հասարակութեան մէջ:
Կը ցանկանայի նշել, որ ես ժողովրդավարական գործընթացների զարգացման եւ մարդու իրաւունքների առաջնայնութեան մեծ կողմնակից եմ: Սակայն մեր պարագայում, արտաքին գործակալները ժողովրդավարութեան անուան ներքոյ փորձում են տարածել քաոսի եւ ամենաթողութեան գաղափարներ»:
Ոչ ոք կրնայ կասկածիլ, որ կան արտաքին ուժեր, որոնք ամէն օր, ամէն միջոցներով կ՛աշխատին իրենց շահերուն համար Հայաստանը (իր իշխանութիւններով) կողմնորոշել դէպի Արեւելք կամ Արեւմուտք եւ այդ իրականացնելու համար կ՛օգտագործեն երկրի մը քաղաքական գործընթացներուն վրայ ազդելու աւանդական եւ ոչ-աւանդական ամէն հնարաւոր միջոց:
Այս միջոցներուն շարքին են հասարակական շարժումներու մէջ իրենց գաղափարակիցներուն համար ղեկավար դիրքի ապահովումը եւ անոնց ազդեցութեան լծակներու ուժեղացումը:
Գաղափարակիցները կրնան ըլլալ վարձատրուող գործակալներ, կամ իրապէս հաւատացողներ, որոնք Արեւելեան կամ Արեւմտեան այս կամ այն ուժին մէջ կը տեսնեն իրենց պատկերացուցած Հայաստանի ապագայի իրականացման երաշխաւորը: Այս շահագրգիռ գործիչներուն կողքին, կան բազմաթիւ երիտասարդներ, որոնք ազգային վեհ գաղափարներու կրողներ են, մարդկային իրաւունքներու անկեղծ ջատագովներ, ընկերային արդարութեան համար պայքարողներ,
երիտասարդ, առողջ ուժեր: Իսկ այդ կենսունակ երիտասարդները, ազգային ամէնէն առողջ մտահոգութիւններով իսկ՝ այսօր կրնան շուարիլ եւ չկարենալ որոշել, թէ որն է ամէնէն ճիշդ, ամէնէն արդիւնաւէտ միջավայրը, ուր կրնան աշխատիլ յանուն արդար հասարակարգի ստեղծման, ազգային նպատակներու իրագործման: Անոնց շուարումը առաւել եւս կը խորանայ, երբ այդ երիտասարդները գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար կը մերժուին, կը հեռացուին ու կը խորթացուին գործող քաղաքական կուսակցութիւններէն ու կառոյցներէն, միւս կողմէ՝ գրկաբաց ընդունուելով շահագրգիռ օտար ուժերու հովանաւորութիւնը վայելող կազմակերպութիւններու մէջ:
Պատասխանատուութիւնը միշտ երկրի ճակատագրով իսկապէս մտահոգուողներու ուսերուն վրայ է. մարդոց եւ ուժերու, որոնք, փոխանական բաւարարուելու պիտակումներով ու դատապարտանքի խօսքերով, պէտք է կարենան թացը չորէն զատել ու առողջ հայեացքներով երիտասարդ գործիչներու եռանդը հունաւորել երկրի ապագայի կերտման ճիգերու ուղղութեամբ:
Homosexuality and the “Jehova’s Witnesses” movement are much more dangerous to the Armenian nation and Armenian family values than the entire Azeri army with its entire armory.