ՀՕՄի «Ջաւախք» հիմնադրամի յանձնախումբը, մէկն է շրջանի ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան աշխոյժ յանձնախումբերէն, որ ամէն ճիգ կը թափէ զօրակցելու Ջաւախքի բարելաւման եւ ջաւախքահայութեան յառաջդիմութեան սրբազան գործին:
Ամէն տարի, յանձնախումբը հանգանակային եւ դաստիարակչական զանազան աշխատանքներ կը նախաձեռնէ, որպէսզի շրջանի հայութիւնը առաւել չափով ծանօթանայ Ջաւախքի պատմութեան ու կարիքներուն եւ բաժնեկից դառնայ Հայաստանի մասնիկը նկատուող պատմական այս տարածքի զարգացման ուղղուած գործունէութեանց:
Կարեւոր այս հանգամանքը առաւել արդիւնաւէտ դարձնելու հեռանկարով, այս տարի յանձնախումբը «Ջաւախքին զօրակցիլը մեր պարտականութիւնն է» կարգախօսը որդեգրած էր, որ մեծ արձագանգ գտաւ շրջանէն ներս: Հետաքրքրական է, որ շրջանի հայկական եւ ՀՕՄի վարժարաններու աշակերտութիւնը եւս լաւապէս արձագանգեց այս կարգախօսին եւ այս տարի յատուկ ճիգ թափեց, որպէսզի իրենց լումաները աւելիով դնեն աշակերտական իրենց գանձանակներուն մէջ, ի նպաստ իրենց ջաւախքահայ հասակակիցներու օգնութեան:
Հայկական վարժարաններու աշակերտական գանձանակներէն այս տարի հանգանակուեցաւ աւելի քան 17,000 տոլար:
«ՀՕՄի Ջաւախք Հիմնադրամի յանձնախումբը պարտականութիւն ստանձնած է հովանաւորելու երեք երիտասարդական կեդրոններ, որպէսզի անոնք ընդհանրապէս ջաւախքահայութեան եւ յատկապէս երիտասարդութեան ազգային դիմագիծը ամրապնդող դարբնոցը հանդիսանան: Նման կեդրոններն են, որոնք կը համախմբեն ջաւախքահայութիւնը եւ ընկերային, մշակութային հաճելի մթնոլորտ մը ստեղծելով՝ մեծապէս օգտակար կը հանդիսանան ջաւախքահայութեան եւ անոր երիտասարդութեան հայրենի հողի կապ-ուածութեան: Այս իմաստով մեծապէս շնորհակալ ենք մեր նուիրատուներուն, իսկ այս պարագային մեր աշակերտութեան, որ կը դիւրացնէ ազգային այս պարտականութիւնը: Վերջապէս «Ջաւախքին զօրակցիլը մեր Պարտականութիւնն է», աշակերտական գանձանակներու դրամահաւաքին առիթով ընդգծեց յանձնախումբի ատենապետ Լենա Պօզոյեան:
Ստորեւ՝ կարեւոր այս նախաձեռնութեան մասնակից վարժարաններու անունները.
Թիւֆէնքեան մանկամսուր
Ռոզ եւ Ալեքս Փիլիպոս Ազգային վարժարան
ՀՕՄի «Մարի Փոսթոյեան» մանկամսուր
Մեսրոպեան Ազգային վարժարան
Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգային վարժարան
Շամլեան Ազգային վարժարան
Արի Կիրակոս Մինասեան Ազգային վարժարան
Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան Ազգային վարժարան
Սրբոց Նահատակաց Մարի Գապայեան Ազգային վարժարան
ՀՕՄի «Սեւան» մասնաճիւղի շաբաթօրեայ վարժարան
ՀՕՄի «Սիփան» մասնաճիւղի շաբաթօրեայ վարժարան
ՀՕՄի Հոլիվուտի «Մայր» մասնաճիւղի շաբաթօրեայ վարժարան
ՀՕՄի «Լոռի» մասնաճիւղի «Այրին Պուտաքեան» շաբաթօրեայ վարժարան
ՀՕՄի «Սօսէ» մասնաճիւղի միօրեայ վարժարան
ՀՕՄի «Անահիտ» մասնաճիւղի շաբաթօրեայ վարժարան
ՀՕՄի «Արազ» մասնաճիւղի շաբաթօրեայ վարժարան
ՀՕՄի «Թալին» մասնաճիւղի շաբաթօրեայ վարժարան
ՀՕՄի «Նայիրի» մասնաճիւղի շաբաթօրեայ վարժարան
ՀՕՄի «Մեղրի» մասնաճիւղի շաբաթօրեայ վարժարան
ՀՕՄի «Աշխէն Փիլաւճեան» ման-կամսուր
ՀՕՄի «Գառնի» մասնաճիւղի շաբաթօրեայ վարժարան