ԵՐԵՒԱՆ.- Ուրբաթ, 2 Յունիսին, նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունեց Գերմանիոյ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահութեան անդամ, Գերմանիոյ խորհրդարանի պիւտճէի հարցերով յանձնախումբի փոխնախագահ Տիթմար Նիթանը:
Հանրապետութեան նախագահը ողջունեց հիւրը, բարձր գնահատեց անոր գործունէութիւնը հայ-գերմանական երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդման գործին մէջ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայոց Ցեղասպանութեան ընդունման ու դատապարտման ուղղութեամբ անոր հետեւողական ջանքերուն համար:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Սարգսեան Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդին համար, Տիթմար Նիթանը պարգեւատրեց «Մխիթար Գոշ» մետալով:
Տիթմար Նիթան հանրապետութեան նախագահէն շնորհակալութեամբ ընդունելով բարձր պարգեւը՝ մէջբերեց յայտնի ցեղասպանագէտ Էլի Վիզելի խօսքերը. «Ան որ կը մոռնայ զոհերը, զանոնք կը սպաննէ երկրորդ անգամ», եւ ընդգծեց, որ, ըստ իրեն, բոլորը պէտք է ջանան ներդրում ունենալ աշխարհի մէջ խաղաղութեան, փոխըմբռնման, հաշտութեան հաստատման եւ արդարութեան վերականգնման գործին մէջ: Ան վստահեցուց, որ ամէն ինչ պիտի ընէ, որպէսզի իր ջանքերը կէս ճամբան չմնան, եւ հայ ժողովուրդին դէմ իրականացուած Ցեղասպանութիւնը երբեք չմոռցուի:
Հանրապետութեան նախագահը յաջողութիւն մաղթեց Տիթմար Նիթանին եւ յոյս յայտնեց, որ ան իր աշխոյժ գործունէութեամբ շարունակէ ամրապնդել Հայաստանի եւ Գերմանիոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող բարեկամական յարաբերութիւնները: