«Սիսթըմ աֆ է Տաուն» ռոք խումբի երգիչ, հասարակական գործիչ Սերժ Թանգեան մտադիր է Հայաստանի մէջ միջազգային երաժշտական փառատօն կազմակերպելու:
«Ա.Էֆ.Փէ.»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ան ըսաւ, թէ գաղափարը դեռ նախնական փուլի մէջ է:
Սերժ Թանքեան յոյս յայտնեց, որ հնարաւոր պիտի ըլլայ Հայաստանը ընդելուզել եւրոպական ամառնային փառատօներու ծրագիրներուն հետ, ինչ որ հնարաւորութիւն պիտի տայ արեւմտեան խումբերուն այցելելու նաեւ Երեւան:
«Միշտ երազած եմ Հայաստանի մէջ նմանօրինակ միջազգային փառատօն կազմակերպելու մասին», յայտնեց Թանքեան: