ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Աւելի լաւ բառը չկրցայ ճարել նախագահ դարձած Տանըլտ Թրամփը բնութագրելու համար, անոր նորագոյն սայթաքումէն ետք։
Վերջին ամիսներուն, երկիրը պաշտպանելու համար միջնադարեան «հոյակապ» ծրագիրներ մէջտեղ նետած նախագահը շաբաթավերջին դարձեալ ցոյց տուաւ իր տհասութիւնը, երբ ահաբեկչական արարքի մը հակադարձող Լոնտոնի քաղաքապետ Սատիք Խանը (որուն իսլամական թուեցող անունը հաւանաբար չէր սիրած) խստօրէն քննադատեց, պարզապէս, որովհետեւ ան կոչ ըրած էր քաղաքացիներուն, որ ահազանգի չմատնուին՝ ի տես ոստիկաններու մեծաթիւ ներկայութեան։
Ըստ սովորականին՝ անհամբեր եւ «Թուիթըր»ի գերի դարձած Թրամփ ամբողջութեամբ չէր կարդացած քաղաքապետին յայտարարութիւնը, կամ ուզած էր զայն շահագործել իր «պատ»ին ի նպաստ աժան ծանուցում կատարելու համար, որովհետեւ անոր միայն մէկ մասին՝ «ահազանգի մատնուելու պատճառ չկայ»ին վրայ ծանրանալով, ան կոչ ըրած էր քաղաքապետին, որ նման յայտարարութիւններ կատարելու փոխարէն աւելի «խելացի եւ խիստ» քայլերու դիմէ, զսպելու համար ահաբեկչական արարքները, «այլապէս կացութիւնը աւելիով պիտի վատթարանայ»։
Ցաւակցութեան այս անճարակ փորձին հակադարձելու կապակցութեամբ լրագրողներու դիմումին պատասխանելով՝ Լոնտոնի քաղաքապետը հասու- նութիւն ունեցած է չիջնելու Թրամփի մակարդակին ու պարզապէս ըսած է, թէ այժմ շատ աւելի կարեւոր գործեր ունի կատարելիք եւ ժամանակ չունի պատասխանելու «սխալ տեղկութիւններու հիման վրայ Թրամփի կատարած յայտարարութեան»։
Ահա օրինակ մը եւս, որ տարիքը լաւ ազդակ մը չէ մէկու մը չափահասութեան մակարդակը սահմանելու համար, որովհետեւ դիւրին է տեսնել ֆիզաքապէս հասուն, սակայն մտային գետնի վրայ մանուկ մնացած անձեր։ Բարեբախտաբար կան նաեւ անոր հակառակ օրինակները, երբ որոշ անձեր հազիւ չափահաս դարձած, կը ցուցաբերեն հասուն մտայնութիւն եւ գործելաձեւ։