ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան խօսնակ եւ երեսփոխան Պեսիմէ Քոնճա, Յունիս 1ին 2.5 տարուան բանտարկութեան դատապարտուեցաւ Պաթմանի ծանր յանցագործութեանց դատարանին կողմէ:
Ըստ թրքական «Սոնտաքիքա» լրատուամիջոցին՝ ան կը մեղադրուի «ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամակցելու» եւ «ահաբեկչական կազմակերպութեան ի նպաստ քարոզչութիւն կատարելու» յանցանքներով։