ԵՐԵՒԱՆ.- Ճատրակի միջազգային դաշնակցութիւնը (ՖԻԴԷ) հրապարակած է իր համաշխարհային դասակարգման աղիւսակը՝ Յունիս 1ի դրութեամբ:
Հայկական ճատրակի առաջատար Լեւոն Արոնեանը այս դասակարգման մէջ նահանջած է մէկ աստիճան եւ գրաւած է 7րդ տեղը: Առաջին տեղը կը շարունակէ գրաւել աշխարհի ախոյեան Մակնուս Քարլսըն։
Հայաստանի միւս ներկայացուցիչներէն Սերգէյ Մովսէսեանը կը գրաւէ 64րդ, իսկ Վլադիմիր Յակոբեանը՝ 84րդ տեղը: