ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ
Ըստ նախօրօք առնուած որոշումի, Ազգային ժողովի նորընտիր պատգամաւորներուն հայերէնի տիրապետման մասին քննութիւններ պիտի կատարուի՞ն, վստահ չեմ: Ցարդ կը լսենք, որ կարգ մը ընտրեալներ հրաժարական ներկայացուցած են եւ չեն փափաքիր պատգամաւոր դառնալ. արդեօք անոնք իրենց հայերէնի իմացութիւնը բաւարար չե՞ն նկատեր, անո՞ր համար, թէ այլ պատճառներ կան՝ ինծի անծանօթ:
Եթէ լեզուի պատճառով է, ապա «պռաւօ» ըսեմ իրենց անկեղծութեան եւ ուղղամտութեան համար: Սակայն, երբ իմացայ, որ Լեզուի պետական տեսչութիւնը փակելու որոշում կ՛առնուի, մտածեցի, որ այլեւս մտահոգուելու կարիք չունին այդ ընտրեալները եւ, ինչպէս շատերու բերաններուն մէջ ջարդի ենթարկուող հայերէնը ի պատուի է, այդպէս ալ իրենք, իրենց գիտցածով կրնան բաւարարուիլ եւ գրաւել իրենց բաժին աթոռները:
Խայտառակ վիճակի մէջ է հայոց լեզուն, Հայաստանի գիրկին մէջ: Ամէն օր գրեթէ շփումի մէջ եմ հայախօսութեան հարցին հետ եւ կը զգամ, որ այս գահավէժ ընթացքը կասեցնելու մասին մտածող չկայ: Բոլոր տեղեկատուական միջոցները, ընթեռնելի եւ ունկնդրելի, ռուսական տեղեկատուութեան ոլորտէն կը քաղեն իրենց նոր բառապաշարը եւ եղածին պէս կը հրամցնեն ժողովուրդին, որ իւղի պէս կը կլլէ, առանց որեւէ անդրադարձի, կամ հակազդեցութեան, բացի ինծի նման խենթերէ, որոնք կը ցաւին, կը զայրանան, կ՛արտայայտուին, սակայն՝ անօգո՛ւտ:
Թէեւ Վահան Թէքէեան կը կասկածէր, որ յիսուն տարի ետք իր գրած լեզուով խօսող պիտի չմնայ. սակայն սխալեցաւ մեծ բանաստեղծը, յիսուն չէ, այլ՝ հարիւր, թերեւս քիչ մը աւելի, բայց վստա՛հ որ իր բիւրեղեա՛յ հայերէնը խօսող պիտի չմնայ, գուցէ՝ անոր աղաւաղուած պատճէնը միայն, բայց ի՛ր հայերէնը՝ երբե՛ք, նոյնիսկ Հայաստանի մէջ:
Ի՞նչ ընել ուրեմն:
Ամէն ինչի համար ցոյցեր կը կազմակերպուին Երեւանի մէջ, օր մըն ալ լեզուի նահանջին համար ցոյցեր թող ըլլան: Երկրի նախագահը իր տարեկան մրցանակներու շարքին, մրցանակ մըն ալ թող յատկացնէ այն հեռատեսիլի կայանին, կամ թերթին, կամ ձայնասփիւռին, կամ գրական որեւէ երկի, ուր միայն մաքրամաքուր հայերէնը կը տիրապետէ:
Դպրոցներն ու բուհերը, ուր պէտք է թրծուի հայերէնը, անտարբեր են, նոյնիսկ յանցաւոր: Հապա ի՞նչ ըսել մանկապարտէզի մը ուսուցչուհիին, որ սփիւռքահայ երախային «աղբ» բառը սրբագրեր է եւ ըսեր է՝ «աղբ չեն ասում, զիպի՛լ են ասում»… Չըսե՞ս այդ ուսուցչուհիին որ «զիպիլը» ինք է:
Կամ, սեփական ականջներովս լսած դիտողութիւնը դասղեկի մը, որ աշակերտուհիի մը յանդիմանելով՝ կ՛ըսէր. «Շալվարով դպրոց գալ չի կարելի, միայն սեւ յուբկա…»:
Ալ ինչի՞ մասին կը խօսինք, լեզուն գահավէժ կ՛ընթանայ անարգել…
Տաբատն ու փէշը իրենց տեղերը զիջեր են շալվարին ու յուբկային, շապիկն ու վերնաշապիկը՝ մայքային ու սարոչկային, գուլպան ու պայուսակը՝ նասկիին ու սումքային… Կարելի է շարքը հարիւրներով շարունակել:
Մեղք չէ՞ մեր լեզուին: Պատասխանատո՛ւ մարդիկ, աթոռի համար իրար բզկտո՛ղ մարդիկ, լեզուն հողին չափ կենսական է, բան մը ըրէք, թէ չէ Օշականի սուրբը կ՛անիծէ ձեզ:
«ԱԶԳ»