ԿԱՐԻՆԷ ՍԱՐԳՍԵԱՆ
Մայիս 13ին, Ռուսիոյ Քրասնոտար երկրամասի Քրասնոտար քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ հայոց լեզուի եւ գրականութեան, հայագիտութեան երկրամասային 4րդ մրցոյթը:
Արդէն աւանդական դարձած այս մրցումը յուզմունքով ու անհամբերութեամբ կը սպասէին երկրամասի հայկական կիրակնօրեայ եւ օժանդակ ուսուցման կեդրոններու աշակերտները: Այս տարի մրցոյթին կը մասնակցէին շուրջ 40 պատանիներ եւ աղջիկներ երկրամասի տարբեր քաղաքներէն՝ Քրասնոտարէն, Պելորեչենսքէն, Նովորոսիյսքէն, ինչպէս նաեւ Ատիկէայի Հանրապետութեան Մայքոփի շրջանի Փրոլետարսքայա (Արմեանսք) ագարակէն: Դատական կազմը ընտրուած էր երկրամասի լաւագոյն ուսուցիչներէն:
Մրցոյթի հանդիսաւոր բացումը տեղի ունեցաւ Քրասնոտարի ազգութիւններու մշակոյթի տան մէջ: Հիւրերուն ողջոյնի խօսք ըսին Քրասնոտարի երկրամասի ՌՀՄի երկրամասային բաժանմունքի նախագահ Ռ. Ա. Գէորգեան եւ կրթութեան ու մշակոյթի բաժինի վարիչ Կ. Ա. Եսայեան:
Քրասնոտարի «Սոտրուժեսթուօ» կեդրոնի «Հայագիտութիւն» միաւորման սաները ցուցադրեցին «Ասք հայրենեաց եւ հայոց» գրական-թատերական բեմադրութիւնը: Շուիի քաղցրահունչ ելեւէջներու ներքոյ անոնք ներկայացուցին հայոց պատմութեան կարեւորագոյն ժամանակահատուածներէն մէկուն՝ այբուբենի ստեղծումը, Մեսրոպ Մաշտոցի վերադարձը, ժողովուրդի դիմաւորումն ու ցնծութիւնը:
Բեմադրութիւնը ուղեկցուեցաւ «Հանրագիտակ Այբբենարան» դասագիրքի շնորհահանդէս-ձեռնարկով: Ներկայացումը շատ տպաւորիչ էր, որուն համար առանձնայատուկ շնորհակալութիւն՝ բեմադրող Անգին Անտոնեանին:
Մրցումը իրականացուեցաւ «Պրէյն-Ռինկ»ի ձեւով: Կը մասնակցէր վեց խումբ՝ «Տիգրան Մեծ», «Հայաստան», «Երեւան», «Արամազդ», «Բագրատունի» եւ «Ե-րազանք»:
Առաջին փուլին, խումբերը ներկայացան ողջոյնի խօսքով եւ կարդացին տնային առաջադրանքը: Իւրաքանչիւր խումբի յանձնարարուած էր գրել շարադրութիւն՝ խումբի անուան շուրջ:
Երկրորդ փուլին, բանաւոր ստուգուեցան մասնակիցներուն գիտելիքները հայոց պատմութենէն, իսկ երրորդ փուլին՝ գրականութենէն եւ մշակոյթէն:
Մրցոյթի ծիրին մէջ նախատեսուած էին նախասիրական մր-ցոյթներ «Հայկական հայրենասիրական երգեր» եւ «Ասմունք» անուանակարգերով: Նախատեսուած էին նաեւ «Խումբերու լաւագոյն մասնակից» եւ «Մրցոյթի լաւագոյն մասնակից» անուանակարգերը:
Յաղթող խումբերուն համար նախատեսուած էր առաջին, երկրորդ եւ երրորդ կարգի վկայականներ եւ բաժակներ:
«Խումբերու լաւագոյն մասնակից» անուանակարգին համար նախատեսուած էր առաջին, երկրորդ եւ երրորդ կարգի տիպլոմներ եւ մետալներ:
Նախասիրական բոլոր մրցոյթներուն համար նախատեսուած էր առաջին, երկրորդ եւ երրորդ կարգի տիպլոմներ, գաւաթներ եւ նուէրներ:
«Մրցոյթի լաւագոյն մասնակից» անուանակարգին համար նախատեսուած էր «Կրան-փրի» յաղթական մեծ բաժակը:
Մրցոյթի բոլոր մասնակից աշակերտները ստացան պատուոգիրներ մասնակցութեան համար եւ նուէրներ, իսկ ուսուցիչները արժանացան տիպլոմներու:
Մրցումի փակումը իրականացուեցաւ հայկական աւանդական հիւրասիրութեան կարգով՝ առատ սեղաններու շուրջ:
(Կրճատումով)
«ՀԱՅԵՐՆ ԱՅՍՕՐ»