ՄԱՐՍԷՅ.- Մարսէյի Սեն Ժիւլիէն թաղամասի չորսյարկանի շէնքի մը գետնայարկը Մայիս 25ի կանուխ առաւօտուն ծագած հրդեհը խլած է 4 հոգիի կեանք, որոնցմէ երեքը հայեր էին եւ Հայաստանի քաղաքացիներ:
Շրջանի «La Provence» թերթը կը գրէ, թէ ըստ Մարսէյի դատախազ Զաւիէ Թարապէոյի՝ զոհերն են 2 տարեկան մանուկ մը, իր 25ամեայ մօրաքոյրը, 51ամեայ մեծ մայրը եւ 38ամեայ այլ կին մը:
Հրդեհը բռնկած է առաւօտեան ժամը 3ի կողմերը, Քոչարեան ընտանիքի յարկաբաժինին մէջ: Ընտանիքին հայրը՝ Արսէն Քոչարեան, որուն մարմինին 70 տոկոսը այրած է, շատ ծանր վիճակի մէջ փոխադրուած է հիւանդանոց: Հրշէջները յաջողած են փրկել շէնքի մնացեալ երկու տասնեակ բնակիչները:
Մարսէյի քաղաքապետ Ժան-Քլոտ Կոտէ իր խոր յուզումը յայտնած է ողբերգական այս դէպքին առթիւ: