Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Կիրակի, 28 Մայիսին, Հայաստանէն ուղղակի հեռասփռուեցաւ «Օրորա» մրցանակի բաշխումի հանդէսը, որ իսկապէս ողջունելու եւ գովասանքի արժանի նախաձեռնութիւն մըն է եւ Հայաստանն ու իր մշակոյթը, բառին ամէնէն լայն իմաստով, կը բերէ միջազգային լուսարձակի տակ, ցոյց կու տայ, թէ Հայաստանն ու հայը, հայրենի ու սփիւռքեան կէսերով, սքանչելի ամբողջութիւն մը կը մարմնաւորեն, գործնական հրաւէր մը կ՛ուղղեն մարդկութեան, որպէսզի արթնութիւն ցուցաբերէ աշխարհատարած անմարդկայնութեանց դէմ, նաեւ մարդասիրական առաքելութիւններու լծուած եւ լուսարձակներէ հեռու մնացող նուիրեալներ պատիւի ու յարգանքի արժանացնէ։
«Օրորա»ն ծնունդ առաւ Ցեղասպանութեան 100ամեակին, մտայղացումն էր սփիւռքցի մտաւորականներու եւ բարերարներու, որոնց նախաձեռնութեան ընդառաջեցին Հայաստանի իշխանութիւնն ու միջազգային ճանաչում ունեցող դէմքեր։ Անոնք, որոնք առիթը ունեցան հետեւելու Կիրակիի հեռասփռումին, վստահաբար չափսոսացին, որ անիկա տեղի կ՛ունենար Հայաստանի Հանրապետութեան ծննդեան տարեդարձի օրը, որովհետեւ Մայիս 28ն ու Սարդարապատը իրենց տեղը ունեցան բեմէն լսուող արտայայտութիւններուն մէջ։
Պէտք չէ անտեսել դրօշակիրի հանգամանք ունեցող այս նախաձեռնութեան քաղաքական երեսը (եթէ պահ մը մէկդի ձգենք անշրջահայեացութեան մը պարագան), մանաւանդ այս օրերուն, երբ մեր ձայնը կը միացնենք Թուրքիոյ անմարդկային դիմագիծը արար աշխարհին ցուցադրողներուն, մասնաւորաբար նախագահ Էրտողանի Ուաշինկթըն այցելութեան առիթով անոր թիկնապահներուն գործած վայրագութեանց լոյսին տակ։ Մարդասիրութեամբ լեցուած ու աշխարհի տարածքին վայրագութեան ալիքները դատապարտող ոեւէ ժողովուրդ վստահաբա՛ր բարի նախանձով պիտի դիտէ հայկական այս նախաձեռնութիւնը։
***
Խօսելով նախանձի մասին, կարելի է երեւակայել, որ… Թուրքիոյ իշխանաւորներն ալ նախանձով կը դիտեն այս մրցանակը։
Եթէ չեն ուզեր մեզմէ ետ մնալ աշխարհի բեմին վրայ, կրնան դիմել իրե՛նց հասկցած ձեւով մրցանակի մը հաստատման։ Օրինակ, հաստատել Ճենկիզ Խանի անունով մրցանակ մը, եւ ամէն շաբաթ զայն շնորհել աշխարհի տարածքին ամէնէն դատապարտելի ոճիրները գործողներուն, որոնց ներշնչման գլխաւոր աղբիւրը՝ նոյնինքն բռնատիրական Թուրքիան է։
Եւ որքա՜ն մեծ պիտի ըլլայ շարք բռնողներու թիւը, սկսելով նոյնինքն Էրտողանի թիկնապահներէն, հասնելով եւրոպական քաղաքներու անմեղ բնակիչները ահաբեկողներուն ու Իրաքէն Սուրիա, Եգիպտոս ու այլուր նախճիրներ գործողներուն։
Իսկ Ամուլսարի ծրագիրը Հայաստանի քանդումն է, որուն մասին ոչինչ էք ասում:
https://www.youtube.com/watch?v=jrUio28L_xU Ամուլսարի ոսկու ծրագիրը սկիզբն է ընդհանուր ավերման․ Հակոբ Սանասարյան
https://www.youtube.com/watch?v=0OnPMyKVHTE Ամուլսարի ոսկու ծրագրին տրված դրական եզրակացությունն օրինական չէ․ իրավաբան Նազելի Վարդանյան
https://www.youtube.com/watch?v=AilhczOEV5g Ամուլսարի ոսկու ծրագիրը վտանգում է Հայաստանի սիրտը․ Հարութ Բրոնոզյան (ԱՄՆ)