Կ՛երդնունք ծառայել հայրենիքին:
Կ՛երդնունք նուիրուիլ անկախ Հայաստանի (իր Արցախ անբաժան մասով) հզօրացման, անոր սահմաններու անվտանգութեան, անոր զաւակներու բարգաւաճ ու արժանապատիւ կեանքի ապահովման գործին:
Տօնական հանդիսաւոր խօ՞սք, թէ յանձնառու յայտարարութիւն: Իւրաքանչիւր անձ ի՛նք միայն կրնայ իմանալ այս ուխտին հանդէպ հաւատարմութեան, անկեղծութեան աստիճանը:
Կա՞ն մեր մէջ ձեւականօրէն երդուողներ, տօնական կենացներ ըսողներ: Այո՛, դժբախտաբար այնքան ալ քիչ չէ անոնց թիւը: Այս տխուր եզրակացութեան կը յանգինք պարզ այն տուեալէն մեկնելով, որ այսօր, մեր երազած անկախութեան յայտարարութենէն քսանհինգ տարի անց, մեր ազատագրուած, անկախացած հողը, հայրենի՛քը, տակաւին կը տագնապի ոչ միայն արտաքին թշնամիներու նենգ ու դաւադիր գործողութիւններու տեւական թիրախը դառնալու ճակատագիրէն, այլեւ՝ իր զաւակներու մտաւոր ու ոգեղէն կարողականութեան անհեթեթ մսխումի ցաւէն:
Այս դարուս, արհեստագիտութեան ընձեռած հնարաւորութիւններով, երբ մեր ազգի կազմակերպուածութեան պատասխանատուն՝ մեր պետութի՛ւնը, անկարող կը դառնայ ամէնէն նուիրական նպատակներու շուրջ իսկական միասնականութիւն ստեղծելու, աշխարհի համայն հայութեան ներուժը համախմբելու՝ ի խնդիր Հայաստանի հզօրացման, այս մսխումը կը դառնայ դատապարտելի՛:
Աւելի՛ն. Արցախի ազատագրական հոյակապ ու յաղթական պայքարին ստեղծած աննախընթաց ոգեւորութիւնը իր հիմնադրութեան ակունքներուն ունենալով ու ամբողջ սերունդի մը զոհաբերութեանց անվիճելի վկայութիւնները ժառանգելով՝ անկախ մեր երկիրը ուրիշ ճամբայ պէտք չէ՛ր կարենար բռնել՝ բացի փառաւոր ապագայի մը կերտումէն, բացի յաւերժութեան կռուաններու ամրապնդումէն:
Թերեւս իրերու ոչ ցանկալի վիճակէն մեկնելով է, որ հաւատաքննիչի մոլեռանդութեամբ կ՛ուզենք մեզմէ իւրաքանչիւրէն հաշիւ պահանջել, թէ՝ ինչպէ՛ս ծառայած ենք հայրենիքին, ինչպէ՛ս կը ծառայենք այսօր: Հաշիւ կը պահանջենք մանաւանդ բոլոր անոնցմէ, որոնք իրենց կեանքի որեւէ հանգրուանին երդուած են կամ ուխտած՝ իրենց կարելին աւելիո՛վ ի սպաս դնել ազգի բարօրութեան, պետութեան ամրակայման:
Հաշիւ կը պահանջենք՝ յուսահատօրէն ակնկալելով, որ երդուեալներու եւ ուխտեալներու փաղանգը նախ ի՛նք անդրադառնայ իր սրբազան պարտաւորութիւններուն եւ կարենայ իր գործով, իր աշխատանքով, իր քրտինքով ու իր նուիրուածութեամբ այնպիսի ոգեւորութիւն ստեղծել, որ խանդավառէ, որ ներգրաւէ նոյնիսկ ամէնէն հեռու, լուսանցքներու վրայ կանգնողները, կրաւորական դիրք բռնողները, վստահութիւն կորսնցնողներու բանակը, յուսահատներն ու յուսախաբները:
Հաշիւ պահանջելու բարոյական իրաւունքը կը ստանանք Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադիրներէն, անոր երկունքի օրերու հերոսական դրուագներէն, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան մտաւորական ու մարտական ժառանգութենէն, անկախութեան գաղափարով տոգորուած ու պայքարած դաշնակցական սերունդներու կտակէն:
Հաշիւ կը պահանջենք ու մեր կարգին կը վերանորոգենք մեր ուխտը՝ ծառայելու Հայաստանի Հանրապետութեան (ե՛ւ Արցախին)։