«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Անցեալ տասը օրերուն ընթացքին երկու յատկանշական ձեռնարկ տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի եւ Պըրպենքի մէջ:
Այս երկու հարեւան քաղաքներուն մէջ գործող Հայ Դատի յանձնախումբերը իրենց տարեկան ձեռնարկներուն ընթացքին պատուեցին իրենց շրջաններէն ներս գործող հայ եւ օտար հասարակական գործիչներ, մրցանակներով ու գնահատանքի արտայայտութիւններով երախտագիտութիւն յայտնեցին անոնց՝ Կլենտէյլի ու Պըրպենքի բնակչութեան եւ այդ տարածքէն անդին համահայկական նշանակութիւն ունեցող ծրագիրներուն իրենց բերած ներդրումին ու վաստակին համար:
Զոյգ ձեռնարկներն ալ յաջող էին իրենց կատարումով, իրենց կազմակերպուածութեամբ ու ստեղծած մթնոլորտով:
Զոյգ ձեռնարկներն ալ կը հետեւին Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկներով նուիրականացած՝ վաստակաւոր գործիչներ, ազգային բարերարներ ու հայանպաստ քաղաքական դէմքեր պատուելու աւանդութեան։
Մեր իրականութեան մէջ յաճախ քննադատած ենք արժանաւորները չգնահատելու երեւոյթը: Նուիրաբերումն ու զոհաբերութիւնը պարտականութիւն նկատելով՝ մի՛շտ որոշ կաշկանդուածութեամբ ու վերապահութեամբ գովասանական խօսքերու կամ գնահատանքի արտայայտութիւններու արժանացուցած ենք մեր իրականութեան մէջ նշանակալի դեր կատարած անձերն ու գործիչները: Այս մօտեցումի գլխաւոր հիմնաւորումը, հաւանաբար, ա՛յն մտահոգութիւնն է, թէ գովասանքը պարզապէս կը շոյէ մարդոց սնափառութիւնը եւ կը նսեմացնէ աշխատանքի օգտակարութիւնն ու կարեւորութիւնը:
Այո՛, ուշադիր պէտք է ըլլալ, եւ փաստօրէն, բծախնդիր ընտրութեան շնորհիւ՝ Հայ Դատի յանձնախումբերուն եւ մեր համայնքին մէջ գործող գրեթէ բոլոր կազմակերպութիւններուն կողմէ գնահատուած անձնաւորութիւններու շարքին դժուա՛ր է գտնել անարժաններ: Նաեւ, անցեալին գնահատուած գրեթէ բոլոր գործիչներուն վարքը բաւարար ապացոյց է, որ անոնք հանրային կեանքի իրենց մասնակցութիւնը աւելիո՛վ աշխուժացուցած են՝ դրական խթանում նկատելով իրենց շնորհուած պատիւն ու յարգանքը:
Ուրիշ ինչ է մեր ցանկութիւնը, եթէ ոչ՝ օրինակելի տիպարներու խրախուսումը, անոնց գործի ու նուիրաբերման յատկանիշներու քարոզչութիւնը՝ այլոց իբրեւ խթան ու ներշնչման աղբիւր ծառայեցնելու համար:
Մենք կ՛ողջունենք Հայ Դատի յանձնախումբերուն վաստակ ու արժանիք գնահատելու նախաձեռնութիւնները: