ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահ Տիգրան Մուկուչեան յայտարարեց Մայիս 14ի ընտրութիւններու նախնական արդիւնքները՝ հաստատելով Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն նախնական արդիւնքներուն վերաբերեալ արձանագրութիւնը:
Նախնական տուեալներով՝ Երեւան քաղաքին մէջ 842 հազար 151 ընտրողներէն ընտրութեան մասնակցած է 345 հազար 158 ընտրող:
Ձայները բաշխուած են հետեւեալ կերպով.
– Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւն՝ 71.25 տոկոս, կամ՝ 240.036 քուէ:
– «Ելք» կուսակցութիւններու դաշինք՝ 21 տոկոս, կամ՝ 70,731 քուէ:
«Երկիր Ծիրանի» կուսակցութիւն՝ 7.75 տոկոս, կամ՝ 26,109 քուէ:
Անճշտութիւններու թիւը կազմած է 46:
Քաղաքապետի պաշտօնը պիտի շարունակէ կատարել Երեւանի գործող քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան:
Նախնական արդիւնքներով՝ ընտրական գործընթացին մասնակից բոլոր երեք քաղաքական ուժերն ալ աւագանիին մէջ ներկայութիւն կ՛ապահովեն: Ըստ ընտրութիւններու արդիւնքներուն՝ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը կը ստանայ 46 աթոռ իրաւագիր, «Ելք» դաշինքը կը ստանայ 14, իսկ «Երկիր Ծիրանի» կուսակցութիւնը՝ 5 աթոռ: