Հայ Օգնութեան Միութիւնը ծնունդ առած է սփիւռքեան դժուար ու մռայլ պայմաններու մէջ։ Ան իր գոյութեան օրէն իսկ, առաջնահերթութիւն նկատեց պահպանել մայրենի լեզուն եւ մշակոյթը եւ միշտ ձգտեցաւ լաւագոյնին՝ բերելով լոյս ու բերկրանք իր զաւակներուն:
ՀՕՄի Շաբաթօրեայ վարժարաններու խնամակալ մարմինին կազմակերպութեամբ, Շաբաթ, 11 Մարտ 2017ին, Հոլիվուտի Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄի շաբաթօրեայ միջվարժարաններու տարեկան զարգացման մրցումը:
Խնամակալ մարմինի ատենապետուհի Սոնա Մատարեան իր բարի գալուստի խօսքով ողջունեց ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Պէքի Պէրպէրեանը եւ Շրջանային վարչութեան անդամ՝ խնամակալ մարմինի կապ Մարօ Փափազեանը, ինչպէս նաեւ ՀՕՄի մասնաճիւղերու վարչական ընկերուհիները, վարժարաններու տնօրէններն ու ուսուցչուհիները եւ մեծ թիւով ներկայ ծնողները:
Զարգացման մրցումի առաջին բաժինով իրենց մասնակցութիւնը բերին կրտսեր խումբի 9 վարժարանէ աշակերտներ՝ «Անահիտ», «Ա-րաքս», «Թալին», «Լռռի», «Մայր», «Մեղրի», «Սեւան», «Սիփան» եւ «Սօսէ», իսկ երկրորդ բաժինով՝ երէց խումբի 5 վարժարանէ աշակերտներ՝ «Անահիտ», «Թալին», «Մայր», «Սիփան» եւ «Նայիրի»: Սոնա Մատարեան պաստառին վրայ ներկայացուց մրցումի հարցարանը, իսկ աշակերտները տուին անոր համապատասխան պատասխաններ՝ արժանանալով բոլորին ծափահարութեան:
Դատական կազմը, նկատի ունենալով աշակերտներուն մասնակցութինը, անոնց ճիշդ պատասխանները եւ մրցումին ընթացքին տրուած յաւելեալ հարցումներուն մասին անոնց ունեցած գիտելիքները, որոշեց բոլոր աշակերտները յաղթական յայտարարել:
Մրցումի աւարտին, Սոնա Մատարեան շնորհաւորեց բոլոր աշակերտները եւ իրենց ուսուցչուհիները, որոնք ամենայն բծախնդրութեամբ կը կատարեն իրենց վստահուած առաքելութիւնը: Ապա, ան շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, որոնք կը գնահատեն եւ բարձր կը դասեն ՀՕՄի շաբաթօրեայ վարժարանի դերն ու ներդրումը՝ հաւաքական մեր կեանքէն ներս:
ՀՕՄի շաբաթօրեայ վարժարանին մէջ հայ մանուկն ու պատանին պիտի զինուին գիտութեամբ, պիտի սորվին հայոց լեզուն եւ պատմութիւնը, պիտի ծանօթանան հայ արուեստին ու մշակոյթին եւ պիտի թրծուին ազգային շունչով: Իսկ անոր փոխարէն, հայ աշակերտը պարտաւոր է տքնելու եւ առաւելագոյն ճիգ ի գործ դնելով՝ պատուաբեր յաջողութեանց հասնելու, հպարտութիւն առթելով իր ծնողքին, դպրոցին եւ ազգին:
ՀՕՄ-Ի ՇԱԲԱԹՕՐԵԱՅ
ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ
ԽՆԱՄԱԿԱԼ ՄԱՐՄԻՆ