ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Շաբաթ, Մայիս 6ին, Նիւ Եորքի Հայ կեդրոնին մէջ (Քուինզ շրջան) գումարուեցաւ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Արեւելեան Ամերիկայի 41րդ շրջանային ժողովը՝ մասնակցութեամբ մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներուն եւ հիւրաբար հրաւիրուած ներկաներու:
Կեդրոնական վարչութիւնը կը ներկայացնէր Հրայր Պարոնեան, իսկ ՀՅԴի շրջանի Կեդրոնական կոմիտէն՝ Յովսէփ Աւագեան:
Հրայր Պարոնեան, խօսք առնելով՝ յայտնեց, թէ յատկապէս պէտք է ներգրաւել երիտասարդ սերունդը, որուն համար Համազգայինը կրնայ ունենալ եզակի գործունէութեան ոճ: Ան օրինակ բերաւ Հիւսիսային Ամերիկայի երեք շրջաններու (Գանատա եւ Ամերիկայի Արեւելեան եւ Արեւմտեան շրջաններ) երիտասարդական աշխատանոց-հաւաքն (artlinks) ու աւելի քան քսան տարիէ ի վեր տարեկան դրութեամբ կազմակերպուող «ֆորում»ը:
Յովսէփ Աւագեան, խօսք առնելով՝ շեշտեց թէ, այս ժողովը որ կը գումարուի Նիւ Եորքի մէջ, յիշատակելի է յատկապէս այն իմաստով, որ նոյն ժամանակ կը նշուի տեղւոյն շրջանի Համազգայինի յիսնամեակը: Ան աւելցուց, թէ, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, Համազգայինը կը շարունակէ գործել այս համաշխարհայնացման «բոյն»ին մէջ՝ կազմակերպելով երաժշտական համոյթներ, թատերական երեկոներ, կլոր սեղաններ եւ դասախօսութիւններ:
Կատարուեցաւ միամիայ գործունէութեան բարոյական եւ նիւթական տեղեկագիրներու ընթերցում: Առիթ տրուեցաւ լուսաբանական հարցումներու, ապա կատարուեցաւ ըստ էութեան քննարկում:
Հաւաքուեցաւ կոկիկ գումար մը, որ պիտի տրամադրուի Արցախի օժանդակութեան ֆոնտին:
Աւարտին կատարուեցաւ Շրջանային վարչութեան ընտրութիւն:
Նոր Շրջանային վարչութեան անդամներն են՝ Արեւիկ Գաբրիէլեան (Նիւ Եորք, ատենապետ), Անի Աղաճանեան (Ֆիլատելֆիա, ատենադպիր), Քարի Ղազարեան (Ֆիլատելֆիա, գանձապահ), Յասմիկ Աբրահամեան (Նիւ Ճըրզի, փոխատենապետ), Թալին Մավլեան (Նիւ Ճըրզի, խորհրդական), Նանօր Պարսումեան (Պոսթըն, խորհրդական) եւ Հելենա Պարտաքճեան (Տիթրոյիթ, խորհրդական):