ՊՈԼԻՍ.- Թուրքիոյ մէջ հրատարակուող երկլեզու «Ակօս» շաբաթաթերթի հայկական բաժինի խմբագիր, լրագրող Բագրատ Էսդուգեան պիտի արժանանայ Հայաստանի նախագահի յատուկ շքանշանին:
«Ակօս»ը կը տեղեկացնէ, որ Էսդուգեան իր շքանշանը պիտի ստանայ Մայիս 26ին, նախագահական նստավայրին մէջ: Կը նշուի, որ գիտութեան, արուեստի, գրականութեան, դասական երաժշտութեան բնագաւառներուն մէջ նշանակալի աւանդ ունեցած գործիչներու պարգեւատրման ամէնամեայ արարողութեան՝ բացի Հայաստանի նախագահէն՝ կը մասնակցին կառավարութեան անդամներ, Հայաստան համահայկական հիմնադրամի ղեկավարները եւ արտերկրեայ ներկայացուցիչներ ու բազմաթիւ հրաւիրեալներ:
«Ակօս»ը կը յիշեցնէ, որ Թուրքիոյ քաղաքացիներէն այս պարգեւին արժանացած են հայկական շաբաթաթերթի հիմնադիր-խմբագրապետ Հրանդ Տինք եւ «Պելկէ» հրատարակչութեան հիմնադիր Ռակըպ Զարաքոլու: