ԵՐԵՒԱՆ, «Մեդիամաքս».- Երեւանի քաղաքապետարանի ենթակայութեան տակ գտնուող գրադարանները հարստացած են 16 հազար նոր գիրքերով:
Երեւանի քաղաքապետարանէն կը տեղեկացնեն, որ գիրքերու հաւաքածոները համալրուած են հայ դասականներու, ռուսական եւ արեւմտեան Եւրոպայի հեղինակներու գեղարուեստական ու մասնագիտական եւ մանկական մեծաքանակ գրականութեամբ:
Իսկ երաժշտական կրթօջախներու համար ձեռք բերուած է նոթագրուած մասնագիտական գրականութիւն:
«Մինչ օրս համայնքային գրադարանները համալրուել են 60 հազար կտոր գրականութեամբ: Այս տարուայ ծրագիրն իր ծաւալով աննախադէպ է: Նախատեսել ենք նաեւ գրադարանների թուային տեսախտասկաւառակների եւ ձայնախտասկաւառակների տեսքով համալրում, ինչը կը նպաստի թուայնացման գործընթացին» կը տեղեկացնէ Երեւանի քաղաքապետի տեղակալ Արամ Սուքիասեան: